Լիբանանահայ համայնքի մշակութային կեանքին մէջ արդարօրէն իր եզակի տեղը գրաւեց Համազգայինի Լիբանանի շրջանի «ՔՆԱՐ» պարախումբի «ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱԶՆԱՒՈՒՐ» ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ 20-22 յունիս, «Քազինօ տիւ Լիպան»ի սրահին մէջ: Այս ելոյթը կը կազմակերպուէր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 80-ամեակին առիթով՝ դառնալով մեծարանքի վայել նախաձեռնութիւն մը, նուիրուած մեծ հայուն՝ Շարլ Ազնաւուրին եւ միաժամանակ մեծ կազմակերպութեան՝ Համազգայինին:

Անցնող շաբաթավերջին, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին «Քնար» պարախումբը «Քազինօ Տիւ Լիպան»ի սրահին մէջ մագնիսացուց հաւաքուած խուռներամ ժողովուրդը, որուն մէջ մեծ էր թիւը արաբ մշակութասէր հասարակութեան: Այո°, մարդիկ փութացին կիշէ եւ չկրցան սրահ մուտք գործել, որովհետեւ տոմսերը սպառած էին. երեւոյթ, որ երկար ժամանակէ ի վեր լիբանանեան սրահներուն մէջ չէր արձանագրուած:

Ի տես արձանագրուած այս մեծ նուաճումին, կÿարժէ արձանագրել հետեւեալ մտածումները.

ա.- Ձեռնարկի կազմակերպչական բաժինը ընթացած էր անթերի: Այս ներկայացման արժէքը լաւագոյնս դրսեւորելու համար սրահի ընտրութիւնը եւ ձեռնարկի քարոզչական աշխատանքները իրագործուած էին ամբողջական լրջութեամբ, ինչ որ արդէն հանրութեան մօտ ձեռնարկի նախօրէին ստեղծած էր լայն հետաքրքրութիւն:

բ.- Այսպիսի մեծ նախաձեռնութեան մը կազմակերպումով, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը արժանաւորապէս կու գար նշելու այս մեծ կազմակերպութեան 80-ամեակը՝ միաժամանակ տալով կենդանի ապացոյցը անոր առաքելութեան ու գործի շարունակականութեան անհերքելի իրականութեան: Հակառակ Լիբանանի ապրած աննպաստ կացութեան, Համազգայինը այս ելոյթով հին սերունդին մէջ կÿարթնցնէր անցեալի նուաճումներու քաղցր յիշողութիւնը, իսկ նորերուն կÿընծայէր ներկայ նուաճումով հպարտանալու բացառիկ պահ մը: Այս ելոյթը կու գար պատգամելու բոլորին եւ տալու գործնական փաստը, որ Համազգայինի դէպի 100-ամեակ մշակութային երթը այսօրուընէ իսկ խոստմնալից է ու գօտեպնդող:

գ.- Թեմայի ընտրութիւնը անշուշտ խոր պատգամներ կը պարփակէր իր մէջ: Հաւանաբար ակամայ, Ազնաւուր տիպարը շատերու ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմուած էր իբրեւ մեծ հայ արուեստագէտ, որ նուաճելով հանդերձ միջազգային բարձունքներ, հեռու մնացած է հայ իրականութենէն: Փաստօրէն, այս նախաձեռնութիւնը եկաւ շրջելու այդ պատկերը: Հանդիսատեսը տեսաւ, որ միջազգային համբաւի տիրացած այս արուեստագէտը իրաւամբ եզակի հայ մըն է, հայ ժողովուրդին մեծ սիրահարը, վկայ՝ Հայաստանի մէջ 1988-ի երկրաշարժէն ետք եւ մինչեւ օրս անոր կատարած ներդրումները:

դ.- Համազգայինի կամաւորներու բանակը անգամ մը եւս եկաւ տալու փաստը համազգայնական այն վարակիչ ու յարգալից մօտեցումին, որ կամաւորական հարթութեան վրայ կարելի է մասնագիտական որակ եւ ճաշակ փոխանցել: Ոչ ոք կրնայ անտես ընել պարախումբի երիտասարդներուն մօտ համազգայնական ապրումի ու խանդավառութեան այն զգացումը, որ գերակշռող էր ելոյթի ամբողջ տեւողութեան, երբ հանդիսատեսին կողմէ իրենց խլած որոտընդոստ ծափողջոյնները կորով կը ներշնչէին անոնց յառաջիկայ երթին: Այո°, Համազգայինը յաջողած է ստեղծել այն միջավայրը, ուր կամաւոր ծառայութեան ճամբով նաեւ կարելի է փոխանցել մշակութային բարձրորակ ճաշակ, երբ ուրիշներ ի վիճակի կÿըլլան ատիկա իրագործել միայն նիւթական մեծ ներդրումներով:

ե.- Այս ելոյթը նաեւ եկաւ ապացուցելու, որ լիբանանահայ հանդիսատեսը գիտէ ըստ արժանւոյն գնահատել այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք մշակութային եւ գեղարուեստական որակ կը պարտադրեն: Հանդիսատեսը, այս ձեռնարկին զօրակցած մեծ թիւով համազգայնականներու կողքին, որոնց մէջ հարկ է առանձնաբար նշել ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Հրայր Սարգիսեանները, մեծ ներդրում ունեցաւ այս ելոյթներու յաջողութեան մէջ: Ահաւասիկ կամաւոր ծառայութեան կողքին դրսեւորուած կամաւոր աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ կերտել այս մեծ յաջողութիւնը:

զ.- Համազգայինի պարի միաւորի բոլոր պատասխանատուները եւ յատկապէս պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան հիմնական դերակատար են այս ելոյթներու յաջողութեան մէջ: Պարային բացառիկ ներկայացումները, գեղարուեստական եւ թեքնիք նրբութիւններու յաջող կիրարկումը եւ բեմականացման հմտութիւնը դարձան միաձոյլ ու ներդաշնակ ամբողջութիւն, ստեղծեցին «ազնաւուրեան» պատմական մթնոլորտ եւ յաջողեցան Ազնաւուրի իսկ բացակայութեան զայն տիրական ներկայութեան վերածել ներկայացման ամբողջ տեւողութեան:

Իբրեւ եզրակացութիւն կարելի է հաստատել, որ Համազգայինի պարախումբը իր այս ելոյթով գերազանցեց ինքզինք: Կը մնայ այս նուաճումը պահել իր արժանի պատուանդանին վրայ, որուն մէջ հիմնական դերակատար է համազգայնական շունչն ու նուիրումը եւ Համազգայինի բարեկամներու գիտակից զօրակցութիւնը:

Այս առիթով, թէեւ ենթակայական կրնայ թուիլ, սակայն պարտք կը զգանք հաստատելու, որ Համազգայինի ընտանիքին մէջ գործող ոեւէ անհատ իր գործունէութեան ընթացքին, ի տես արձանագրուած նուաճումներուն, յաճախ կÿապրի հպարտանքի ու խանդավառութեան յիշատակելի պահեր. ասիկա սակայն ինքնանպատակ ապրում մը չէ, այլ՝ յաւելեալ յանձնառութեան ու պարտաւորութեան դիմաց ինքզինք դնելու նոր մեկնակէտ մը:

Յարգա°նք Ազնաւուրին,

Յարգա°նք մեր սիրելի Համազգայինին®

Վարձքը կատար բոլորին®

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ