Բագին գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր 1962 Յունուարին, իբրեւ վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին, եւ խմբագիրներ Եդուարդ Պոյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը: Խմբագրական կազմին անդամ էին հոյլ մը գրագէտներ՝ Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան եւ Վահէ Օշական:

Հ.Յ.Դ. 18-րդ Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած 1963-ի աւարտին, ուրախութեամբ կ’ողջունէր հրատարակութիւնը Բագին ամսագրին, որ կեանքի կոչուած էր սփիւռքահայութեան գրական-գեղարուեստական բնագաւառին մէջ յառաջացած բացը լեցնելու:

Բագին-ի հանգանակը կ’արձանագրուէր իր առաջին թիւին մէջ՝ «Բագինին Առջեւ» խորագրուած գրութեամբ: Նոր ամսագիրը կը միտէր ըլլալ խանդավառ բեմ մը, ի մի խմբելու սփիւռքի տարածքին գործող գրողները: Կը նպատակադրէր մղում տալ, ինչպէս նաեւ արժանաւորապէս ներկայացնել գրական անդաստանի մշակներուն ստեղծագործական աշխատութիւնները:

Վաստակաշատ գրագէտներու հանդէպ իր գուրգուրանքն ու քաջալերանքը տարածելով սկսնակներուն վրայ եւս, Բագին-ը պիտի օժանդակէր նոր անուններու յայտնաբերման եւ ինքնահաստատման:

Գրական ամսագիրը պիտի չբաւականանար ընդունուած գրական սեռերով, այլ՝ օրուան հետ քայլ պահելու մտահոգութենէն մեկնած, առիթ պիտի ընծայէր օտար մշակոյթներու եւ գրական այլ շարժումներու գրողներուն:

Իր հրատարակութեան առաջին օրերէն Բագին-ը հաստատօրէն կ’ընդունէր «ազգերու կեանքին ու մշակոյթին շարունակականութեան պայմանը», կը մերժէր «նիւթին գերակշռութիւնը ոգեկան արժէքներու վրայ» եւ կը հաւատար «իտէալին եւ ներքին ուժերու զօրութեան»:

Հոկտեմբեր 1966-ին Եդուարդ Պոյաճեանի մահէն ետք, 1967-էն սկսեալ Բագին-ի խմբագրի պաշտօնը կը վստահուէր Պօղոս Սնապեանին, որուն երկար տարիներու աշխատանքի արգասիքներէն են հայ մեծատաղանդ գրողներուն նուիրուած Բագին-ի աւելի քան 20 բացառիկ թիւերը, եւ գրական հանդէսին հրատարակութեան անխափան շարունակութիւնը, երկար ժամանակ ամսական՝ իսկ 1996-էն սկսեալ իբր եռամսեայ յաճախականութեամբ հրատարակուող հանդէս։

Աւելի քան կէս դար, Բագին-ը շարունակեց համախմբել երէց եւ երիտասարդ գրողները, հրատարակեց անտիպ գործեր, նամակներ, թարգմանեց օտար գրականութեան գոհարներ, ջանադիր եղաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի բծախնդիր պահպանման: Հետապնդեց բանագողութիւնը, դէմ կեցաւ Խորհրդային ապազգային գրաքննութեան արդիւնք՝ գրական աղճատումներուն եւ ունեցաւ արժանաւոր դերակատարութիւն՝ գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ:

Վաստակաշատ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի առողջական վիճակին բարդացման պատճառով, 2003-ին Բագին-ի խմբագիր նշանակուեցաւ Յակոբ Պալեան, օգնական խմբագիր՝ Սոնիա Քիլէճեան: Բագին-ը ընթերցողին ներկայացաւ նոր դիմագիծով:

Օգնական խմբագիրի ճամբորդութենէն ետք, 2007-էն սկսեալ, Բագին-ի խմբագրութեան անձնակազմին մաս կազմած են Արփի Համբարեան՝ իբր խմբագրի օգնական (2007-2009), Սեդա Գրիգորեան` իբր փոխ-խմբագիր (2009-2012), Նազօ Գէորգեան՝ իբր քարտուղար (2012-2014) եւ Նորա Բարսեղեան՝ իբր փոխ-խմբագիր (2014-2018)։ Յունուար 2019-ին, Արին Չեքիճեան նշանակուեցաւ վարչական պատասխանատու, իսկ Յունիս 2020-ին Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան ստանձնեց Բագին-ի փոխ-խմբագիրի պաշտօնը:

2015-ի աւարտին, խմբագիր Յակոբ Պալեան կոչուեցաւ հանգստեան, եւ Յունուար 2016-ին Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան նշանակուեցաւ Բագին-ի խմբագիր։ Անգամ մը եւս Բագին վերանորոգուեցաւ, լուսարձակի տակ բերելով հայ գրականութեան եւ արուեստի ժամանակակից ուղղութիւնները։ 

Անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Բագին-ը հրատարակուեցաւ Հ.Յ.Դ.ի իրերայաջորդ Բիւրոներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց նիւթական ներդրումով: Բագին-ը այսօր, իր ստեղծագործական վաստակով, Հայրենիք-Սփիւռք գրական ուժերու մէկտեղումով եւ արեւմտահայ մշակոյթի պաշտպանութեան առաքելութեամբ, իր յատուկ եւ պատուաւոր տեղը կը գրաւէ սփիւռքահայ մամուլի իրականութեան մէջ: