Համախմբումի 13-րդ օրը սկսաւ Արցախի Ազգային Ժողով այցելութեամբ։ Այնտեղ հանդիպեցանք Իրանի Ջուղայի Ռուբէն երիտասարդական միութեան, որոնք նոյնպէս այցելութեան եկած էին։ Ելոյթ ունեցաւ խորհրդարանի փոխ նախագահ պրն. Պալայեան, մանրամասն զեկուցում տուաւ Արցախի իրավիճակին մասին եւ պատասխանեց ուսանողներուն հարցումներուն։
Ապա այցելեցինք Ստեփանակերտի Ձորի զօրամաս, ուր հրամանատարը բացատրութիւններ տուաւ զօրամասի տարբեր բաժանումներու եւ զինուորներու մասին։
Այցելեցինք երկու թանգարաններ՝ զոհուած ազատամարտիկներու եւ անյայտ կորած զինուորներու։
«Փարք» հոթելին մէջ ճաշելէ ետք ուղղուեցանք դէպի Գանձասար, առիւծի լեռ, որ կը գտնուի Վանք գիւղին մէջ։
Երեկոյեան ժամերուն Նիկոլ Դումանի տուն թանգարան այցելեցինք, Ղըշլաղ գիւղին մէջ, եւ բակին մէջ հայկական խորովածով ու քէֆով փակեցինք Ֆորումի վերջին գիշերուան ընթրիքը։