Ֆորում
Ֆորումի նախավերջին օրը, առաւօտեան, ֆորումականները այցելեցին Ստեփանակերտի զօրամասը եւ ծանօթացան անոր տարբեր բաժանմունքներուն։ Այցելութեան աւարտին, անոնք զինուորներուն հետ ուրախ պահեր անցուցին եւ ազգագրական երգեր երգեցին։ Յետոյ, անոնք այցելեցին Զոհուած Ազատամարտիկներու եւ Անյայտ Կորածներու թանգարանները։
Հիւրանոցէն ներս ճաշելէ ետք, անոնք մեկնեցան դէպի Գանձասար։ Ճանապարհին տեսան Տատիկն ու Պապիկը եւ Վագրի Լեռը, ապա բարձրացան դէպի վանք։
Երեկոյեան ընթրեցին պանդոկէն ներս «Մենք ենք մեր սարերը» երաժշտական խումբին ներկայութեամբ եւ նշեցին ֆորումի պաշտօնական փակումը։