Ֆորում
Երեւանի մէջ իրենց վերջին օրուան ընթացքին, Համազգային Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին։ Անոնք նաեւ այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Յետոյ, անոնք անցան Եռաբլուրէն, որպէսզի յարգեն Արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը։
Օրը սովորականէն կանուխ աւարտեցաւ, որպէսզի ֆորումականները պատրաստուին Արցախ մեկնելու։