Ֆորում
11 Յուլիսին, ֆորումականները իրենց օրը անցուցին Ծաղկաձորի մէջ։ Անոնք ճոպանուղիով բարձրացան բլուրին գագաթը, ապա այցելեցին Տիրամայր Հայաստանի Ճամբարը, ուր մանուկները զիրենք դիմաւորեցին աղով ու հացով։ Միասնաբար ճաշելէ ետք, սկսան զանազան խաղերու եւ ուրախ ժամանցի։
Երեկոյեան, անոնք վերադարձան Երեւան եւ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլի ելոյթին, Օփերայի մէջ։