ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ անցնող Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Գանատայի ընտանիքը համալրուած է չորրորդ մասնաճիւղով մը: Վանգուվըր հաստատուած համազգայնականներ միասնաբար հիմը դրած են տեղւոյն «Վարագ» մասնաճիւղին եւ ընտրած եօթնանդամ վարչութիւն մը, որ կը ծրագրէ մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել Վանգուվըրի հայ գաղութին մէջ:
Նշենք, որ Գանատայի մէջ Համազգայինի մասնաճիւղեր արդէն տարիներէ ի վեր կը գործեն Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ։