«Ինչպէս կարելի է Պարոյր Սեւակի գերեզմանին առաջ չհաւատալ հոգու անմահութեանը։ Պարոյր Սեւակի ծնունդը, մեր կեանքի, մեր մշակոյթի, մեր ներկայի ու ապագայի համար, եղաւ ճշմարիտ մի՛ ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ․․․․Ան այնպիսիներից եղաւ, որ պիտի ապրի այնքան ժամանակ, ինչքան ժամանակ պիտի ապրի Հայ ժողովուրդը, իսկ հայ ժողովուրդը անմահներից մէկն է աշխարհում» (Վազգէն առաջին Կաթողիկոս ամենայն հայոց)։
Յենուելով Վեհափառ հօր այս խորիմաստ մտքին կարելի է աւելցնել՝ Օրհնեալ է հայրենիքը մեր, որ ծնած է հանճարեղ զաւակներ եւ գիտէ գնահատել զիրենք։ Աւստրալիոյ այս հեռաւոր ափերուն կէս դարու պատմութիւն ունեցող հայ գաղութը կրցաւ արժանավայել կերպով մեծարել Պարոյր Սեւակի բեղուն ստեղծագործական աշխարհը իր մահուան 45ամեակի սեմին։ Իր տեսակին մէջ հրաշալի եւ եզակի երեկոյ մըն էր, ուր գրասէր փոքրիկ խաւը կրցաւ բարձր պահել Սեւակի մեծութիւնը եւ եկեղեցւոյ ղօղանջի ուժգնութեամբ հաստատել, թէ մեծերը չեն մահանար, այլ կը ձուլուին մարդկանց հոգիներէն ներս, կը թափանցեն անոնց սրտերը՝ սերունդէ-սերունդ յարատեւելու անխախտութեամբ։
Արդարեւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Գրական Գեղարուեստական Յանձնախումբը կրցաւ գնահատել Պարոյր Սեւակի մեծութիւնը՝ Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին երեկոյեան ժամը եօթին Հայ Մշակութային Սրահէն ներս։ Ճշդուած ժամուն կոկիկ խաւ մը գրասէր հասարակութենէն խմբուած էր կլոր սեղաններու շուրջ՝ ապրելու եւ ապրեցնելու մեծագոյն Բանաստեղծն ու մեծ Փիլիսոփան։
Ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Սրբազան Եպիսկոպոս Նաճարեանը, Բարեգործականի Վարչութեան Ատենապետ Սարգիս Մանուկեանը, Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը եւ գրականութեան սիրահար համեստ խաւ մը։ Սրբազան հօր օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ օրուան պաշտօնական բացումը, որմէ ետք Յանձնախումբի անունով ընկհ․լիլիկ տուաւ հակիրճ բացատրութիւնը օրուան ելոյթին, որմէ ետք յայտագիրը անցաւ գործադրութեան։
Ջերմ ու մտերմիկ ընթացքով իւրաքանչիւր մասնակցող ոտքի թէ նստած տուաւ իր նախասիրած կտորը։ Առաջին հերթին Պարոյր Սեւակի «Բարեւ»-ը կենդանցուց ընկ.Վիգէն Գալլողլեան, ուր գերագոյն դասը իմաստալից տողերուն ընդմէջէն՝ մտերմութիւնն ու ջերմութիւնը ներմուծել էր մարդկութեան մէջ։ Ընկհ․Քորթեան ընթերցեց իր նախասիրած յօդուածը, որուն աւարտին կ՛արտացոլար ծնունդը Պարոյր Սեւակի։ Հանդէս եկաւ Սրբազան հայրը, ան տուաւ իր յուշերը անդրադառնալով հեղինակին արտաքին երեւոյթին եւ մանաւանդ «Անլռելի Զանգակատան» հացի պէս սպառման շուրջ, թէ ինչպէս Գէորգեան Ճեմարանի ուսանողները տպաւորուած անգիր կ՛արտասանէին այդ կտորը։ Սեւակ դարձած էր մատաղ սերունդին ու երիտասարդութեան հոգու մաքրութիւնը եւ սրտի զարկերակը, բողոքը, պայքարը, հաւատը եւ վերջապէս՝ ճշմարտութիւնը։ Արկածի հետեւանքով սակայն կանխահասօրէն հեռացաւ ան իր ստեղծագործական ուժերու ծաղկման շրջանէն։ Վիճակուեցաւ իրեն ո՛չ միայն հայոց ցաւի եւ ուրախութեան երգիչը ըլլալ, այլեւ՝ ուղեկիցը ազգի մը անմահութեան։ Սրբազան Հայրը աւարտեց իր խօսքը «Ապրել... Ապրել...» հեղինակին բանաստեղծութեամբ։
Եւ այսպէս յայտագիրը իր հերթականութեամբ թեւեր առաւ...
Շինիչ կէտեր էին ընկ․ Շուկայեանի տուած հայ գրականութեան հանգրուանները՝ Զարթօնքի, Իրապաշտ, Գեղապաշտ եւ Սեւակի պատկանած Կրտսեր սերունդի շրջանները։ Ան լայն գիծերու մէջ ներկայացուց նաեւ հեղինակին կեանքն ու երկերը եւ իր վերջին գլուխ գործոցը «Եղիցի Լոյս»ը։ Այս գործը եղաւ ժառանգորդը անցեալին եւ բանբերը գալիքին։
Ընկերուհի Անոյշի «Կտակ»ը ասմունքէն ետք, թնդաց սրահը Սեւակի հեղինակութեամբ՝ «Սարդարապատ» երգին րառերով։ Երկար է թուումներու շարքը, որոնք ներկաներու կողմէ բաժակաճառերու հետ արտացոլացուցին ու թարմացուցին ապրումները բոլորին։
«Անկեղծ Ասաց», «Միայնգամից», «Բեռան Տակ», «Գժուել», «Իմ Հայ Ժողովուրդ», «Վարք Մեծաց», «Հայոց Լեզուն», «Մի Պահ Զղջում եմ», «Հատուած Եռաձայն Պատարագից» եւ «Ծերանում ենք Պարոյր Սեւակ»։ Ի հարկէ այս բոլորը անմահացուցին Պարոյր Սեւակի էութիւնը. կուռքի վերածուած, ան մնաց հարազատ զաւակը գրասէր ներկայ խմբակին։ Կրցաւ կարեկցիլ ամբողջ աշխարհին բառ ու բանիւ, բառը դարձաւ իր կենդանի գործը, իր ողբերգական ճակատագիրը։
Խիստ հետաքրքրական անկիւն էր Աննա Չոքեքչեանի Սեւակի նամակներու բաժինը, որոնք մէկտեղուած եւ լոյս տեսած էին «Սուլամիթա Սեւակի մե սէրը» խորագրով։ Երկու հատորներով այս երկը Սեւակի անսպառ, չյոգնող սիրոյ պատմութեան խորութիւնն ու մեծութիւնն էր։
Որպէս վերջինը ընկհ․Լիլիկ հակիրճ կէտերով ներկայացուց Արցախեան շարժումներու մէջ Սեւակի մասնակցութիւնը անոր հերոսական քայլերուն։ Եւ այսպէս քիչ է թիւը այն բանաստեղծներուն, որոնք նոր ակօս կը բանան հայ գրականութեան մէջ։
Սրբազան հօր պահպանիչով երեկոն հասաւ իր աւարտին։ Յառաջ յաջորդ ձեռնարկին։ «Համը բերաննիս մնաց»,- այս էր նախադասութիւնը Սրբազան հօր՝ իր հրաժեշտի պահուն։
Անզուգական երեկոյ մըն էր, բարձր տրամադրութեամբ եւ գնահատական խօսքերով ներկաները հեռացան սրահէն յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով։
Վարձքը կատար գրական յանձնախումբին։
Զարուհի Մանուկեան 25-06-2016