Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ պատշաճ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղին։
Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արք․ Տողրամաճեանի հովանաւորութիւնը եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախագահութիւնը վայեոլող հանդիութիւնը սկսաւ վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքով, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակցութեամբ՝ Մարիա Մոսկոֆեանի (մեներգ), Նայիրի Մուրատեանի (ասմունք) եւ «Համազգայինի «Սիփան» պարախումբին, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի։
Օրուան պատգամախօսն էր Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանը, որ ամփոփ սակայն հանգամանօրէն ներկայացուց Համազգայինի պատմականը, ներկայ աշխատանքները եւ ապագայի մարտահրաւէրները, կեդրոնանալով երիտասարդութեան համար ու անոր մասնակցութեամբ գործադրելի ծրագիրներուն վրայ։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր հայրական պատգամով, որ կիպրահայութեան ուղղուած սրտագին կոչ մըն էր՝ կառչելու իր արմատներուն եւ գերագոյն ճիգ գործադրելով ապահովելու ապագայ սերունդներու հայեցիութիւնը։