Վահէ Սէթեան տպարան
Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Ուրբաթ, 31 Յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քաթիա Փելթեքեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակները» (Տը թայմզ աֆ տի Արմինիըն Ճենոսայտ, 1914-1919, 1920-1923) երկհատոր աշխատասիրութեան ներկայացումը: