Կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նահապետ Քուչակի, անոր կեանքին, ստեղծագործութիւններուն եւ ժառանգին նուիրուած իւրայատուկ երեկոյ մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք հայրէն Քուչակէն» ստեղծագործութեան գինեձօնը:
Բացման խօսքը արտասանեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ անդրադարձաւ երաժշտութեան ունեցած մեծ արժէքին. «Երաժշտութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան ամէն իմաստասիրութիւն, անիկա կը բանայ այն դռները, զորս բառերը անկարող են բանալ: Երաժշտութիւնը շօշափելի չէ, ուստի եւ կը բարձրանայ երկինքն ի վեր` հասնելով անհունին: Եւ ահա այս է պատճառը, որ երաժշտութիւնը անբաժան մասն է կրօնական արարողութիւններուն, որովհետեւ երաժշտութիւնը հրեշտակներու լեզուն է եւ ուղղակիօրէն կը հասնի Աստուծոյ ականջին` իրեն հետ տանելով խօսքն ու անուշաբոյր խունկը»: Ան դիտել տուաւ, որ երաժշտութիւնը նաեւ կը ներթափանցէ մարդուն խորքը, կը փոխէ անոր տրամադրութիւնը, ունի բուժիչ յատկութիւն, ծնունդ կ՛առնէ զայն յօրինողին հոգիի խորքէն եւ կատարողներուն ճամբով կը ներթափանցէ ունկնդիրներու հոգիներուն խորքը` շեշտելով, որ անիկա աւելի ազդու կը դառնայ, երբ բարձրորակ է եւ զայն կատարողը ինքնին տուեալ երաժշտութիւնը յօրինողն է:
Այս հաստատումէն մեկնելով Վահրամ Էմմիեան դիտել տուաւ, որ այդ ձեռնարկին ներկաները այդ վայելքը պիտի ապրին, որովհետեւ «Երեք հայրէն Քուչակէն» ստեղծագործութեան մեկնաբանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ անոր հեղինակը` Կարօ Աւեսեան: Ան աւելցուց, որ գինեձօնին կողքին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ այդ երգերու խօսքերու հեղինակին` Նահապետ Քուչակին: