Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի հովանաւորութեամբ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբը, Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահին մէջ, գաղութիս արուեստասէր ու գրասէր հասարակութեան հրամցուց բարձրորակ ներկայացում մը Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան: Ներկայ էին աւելի քան 120 գրասէր-գեղարուեստասէր հայորդիներ:
Ներկայացուեցաւ Գէորգ Էմինի «Յաւերժի Ճամբորդը»:
Ո՞վ է սակայն ճամբորդն այս յաւերժի:
Նախ քան այդ, հարց տանք, թէ ո՞վ է Գէորգ Էմին: Աշտարակեցի այս «hydro engineer»ը հանդիպելէ ետք Չարենցի նման տիտաններու, նախընտրած է գրականութիւնը, քան իր մասնագիտութիւնը: Մէկդի շպրտելով ջրանցք ու կամուրջ կառուցելու իր ասպարէզը, խորասուզուած է բանաստեղծութեան ու ազգային շունչ բուրող գրականութեան մէջ, միշտ առաջնորդ ունենալով տրամաբանութիւնը, որ արդիւնք է իր գիտական միտք ըլլալու հանգամանքին: Էմինի գրականութեան մէջ, հայրենիքին ու ազգին տածած սիրոյն ընդմէջէն՝ կարմիր թելի նման նկատելի է իր սիրոյ ձգտումը դէպի հանուր մարդկութիւն: Տեսիլք ունեցող այս գրագէտն է, որ հայ ժողովուրդը անուանած է «Յաւերժի Ճամբորդ»:
Մեր նահատակներու սրբադասումէն ետք եւ 2015 հարիւրամեակի տարին ընդունելէ ետք ԿԵԱՆՔԻ անկիւնադարձային տարի, Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբը Ապրիլ 2016 յարմար ամիս նկատեց այս արձակ բանաստեղծութիւնը բեմականացնելու որպէս կիսաթատերական ներկայացում:
Առաջին իսկ վայրկեանէն հանդիսատեսին աչքին քանի մը երեւոյթներ կը պարզուէին զինք դնելով յաղթանակի տրամադրութեան մէջ: Վարագոյրը բաց էր ( բնաւ չփակուեցաւ վարագոյրը): Բեմին խորքը արուեստագիտուհի Շաքէ Վարդանեանի գծած հսկայ պաստառն էր, ուր Սասունցի Դաւիթն իր վրնջող Քուռկիկ Ջալալիին թամբին՝վեր բարձրացուցած էր իր Թուր Կէծակին ի պաշտպանութիւն հայ Ժողովուրդին եւ ի սարսափ զայն բնաջնջելու ձգտում թէ խաբկանք ունեցողներուն: Դարձեալ նոյն արուեստագիտուհիին հեղինակած հայկական նուռերով գեղազարդուած պաստառները, բեմին երկու կողմերէն ուղղահայեաց վար կախուած, կ'ամբողջացնէին հայու յաւերժութեան խորհրդապատկերը:
Հանդէսը սկսաւ ժամը ճիշդ 7:12ին, Արցախի վերջին զոհերուն յիշատակին ի յարգանք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Ապա ցոյց տրուեցաւ Ներսիկ Իսպիրեանի եւ իր զաւկին՝ Արաբոյի «Պիտի Պաշտպանեմ» երգով պատրաստուած տպաւորիչ տեսերիզը: Իր բարի գալուստի, բացման բծախնդրօրէն պատրաստուած խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիկ Կոտոյեան. « Յանձնախումբիս նպատակն է շարունակել պահպանել հայկական գոհարները եւ զանոնք հասու դարձնել մեր երիտասարդներուն, անոնց հասու դարձնել Հայ արուեստն ու մշակոյթը, որովհետեւ եթէ մեր մշակոյթին վրայ յենին անոնք՝ իրենց ուժը կ'առնեն անկէ»: Տիկին Կոտոյեան երեկոն նուիրեց մեր Արցախեան զոհերուն եւ դրուատեց քաջութիւնը այն մարտիկներուն, որոնք նահատակուեցան բաց պահելու համար հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ճանապարհը:
Յաւերժութեան ճամբուն այլ խորհրդանիշն էր հայ երիտասարդ արուեստագէտներու մեծաթիւ մասնակցութիւնը յայտագրին:
Այսպէս, ներս կու գար Գօլստըն Ճեմարանի պատանի աշակերտ Կարօտ Վարժապետեանը ու հարց կուտար՝ թէ Ո՞Վ ԷՐ ՃԱՄԲՈՐԴԸ, Ո՞ՐՆ Է ԱՆՈՐ ԵՐԿԻՐԸ, ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՐ ԱՆ, ԻՆՉ ԷՐ ԱՆՈՒՆԸ ՃԱՄԲՈՐԴԻՆ... եւ կը ստանար գոհացուցիչ պատասխան տաղանդաւոր երիտասարդներու կողմէ, ինչպէս՝ Իշխան Կոտոյեան, Արեւ Սահակեան, Մանուկ Կոտոյեան, Սարօ Գարատանեան, Շողիկ Սարգիսեան: Այս երիտասարդները՝ իւրաքանչիւրը իր ոճով բայց բոլորն ալ համարձակ, ճիշդ շեշտադրումներով, անսխալ կատարեցին իրենց բաժին ընթերցումները, ձայնի ճիշդ ելեւէջներով եւ տպաւորեցին հանդիսականներս: Ընթերցողները ճիշդ հասկցած ըլլալով իրենց ներկայացուցած կտորները, կարողացան դիւրութեամբ Գէորգ Էմինը հասկնալի դարձնել նաեւ մեզի: Իւրաքանչիւր երիտասարդին ընդմէջէն մենք ալ մեր կարգին, նման Էմինի, մեր ժողովուրդի յաւերժութիւնը տեսանք այդ երեկոյ: Յուսադրեցին մեզ մեր երիտասարդները: Թէ «Ինչպէ՞ս կրցան յուսադրել» հարցումին պատասխանը պարզ է. Որովհետեւ Յանձնախումբը իր գուրգուրանքը ցոյց տուաւ այս երիտասարդներուն անոնց ԳՈՐԾ ՎՍՏԱՀԵԼՈՎ, հետեւաբար այդ ինքնավստահ եւ յանձնառու տղոց ու աղջիկներուն ստանձնած գործը մեզ յուսախաբ չէր կրնար ընել այդ գիշեր: Երիտասարդութեան փնտռածը իրենց վստահիլն է:
Իւրաքանչիւր ընթերցումէ ետք կատարուեցան ձայնային թէ գործիքային երաժշտական ընդմիջումներ: Սարօ Գարատանեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Այտա Աւետիսեան, Անի Տէր Արթինեան, Սարգիս Գաբրիէլեան եւ Հայկ Գահրամանեան խմբերգեցին «Ազգ Փառապանծ»ն ու «Հիմի Էլ Լռենք»ը: Այս թղթակցութիւնը գրողին համար յայտնութիւն էր Տիկին Տէր Արթինեանի ձայնը, որ իր ուժգնութեամբ ու մաքրութեամբ տպաւորիչ էր: Պրն Սարգիս Գաբրիէլեանի եւ Տիկին Այտա Աւետիսեանի ձայները անծանօթ չեն սիտնիահայութեան: Երիտասարդ տաղանդներու կողքին այս տաղանդները եւ անոնց նմանները պէտք է քաջալերուին, յատկապէս Համազգայինի կողմէ, որպէսզի դասական մեր երգերը բեմերուն վրայէն հնչեն եւ պահպանուին որպէս փոխանցելի գանձ մեր երիտասարդ սերունդներուն:
Այտա Աւետիսեան կատարեց երկու մեներգ՝ «Կիլիկիա» եւ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր Հայրենի»ն իսկ Սագօ Գաբրիէլեան մեներգեց «Հայոց Տառեր»ը: Ցոյց տրուեցաւ Շուշան Պետրոսեանի «Հայրենիք» տեսերիզը:
Սիտնիի մէջ թերեւս շատ է թիւը դաշնամուր եւ այլ գործիքներ նուագողներու, սակայն մէկ ձեռքի մատները շատ են հաշուելու քանոնահարներու թիւը: Անոնցմէ մէկն է Տիկին Լուսինէ Թովմասեանը, որ այս միջոցառումին Կոմիտասի «Հորովել»ը լաւագոյնս կարողացաւ հրամցնել մեզի:
Պարմանուհի Արգինա Մուրատեանը դաշնամուրով ելոյթ ունեցաւ նուագելով Կոմիտասի «Գարուն ա»ն: Առանց թերգնահատելու այլ տաղանդներ, Արգինայի նուագած «Գարուն ա»ի նման դաշնամուրային նուրբ ներկայացումի առաջին անգամ ականատես եւ ականջալուր կ'ըլլայի Սիտնիի մէջ: Արգինան համակեց ներկաները խլելով մեր ծափողջոյնները:
ԲԱՅՑ Ո՞Վ ԵՍ ԴՈՒ, ՎԵՐՋԱՊԷՍ, ՃԱՄԲՈ՛ՐԴ... հարց տուաւ Կարօտ.
«Հայաստանն եմ ես, հայ ժողովուրդն եմ ես, որ դար ու դարեր, միայնակ եմ եւ գայլերով շրջապատուած: Յաւերժի ճամբորդն եմ ես, որը, դարերի խորքից եկած, դէպի դարերն է գնում և որի երթը վերջ ու վախճան չունի.... »:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան իր եզրափակիչ խօսքերով դրուատեց յանձնախումբին տարած գործունէութիւնը, բարձր գնահատեց մասնակիցները, հայրենասիրութիւն ներշնչող տեսերիզներու եւ երգերու ընտրութիւնը: Ան եզրակացուց որ հայ ժողովուրդի դէպի յաւերժութիւն ճամբորդութիւնը կանգ պիտի չառնէ երբե՛ք:
Երեկոն վերջ գտաւ ժամը 9ին: Հազիւ երկու ժամ տեւողութեամբ այս ձեռնարկը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Ուժ եւ կորով յանձնախումբի անդամներուն, անհատապէս թէ հաւաքաբար: Իրենց տարած մշակութային աշխատանքը գնահատանքի արժանի է:
Նշան Պասմաճեան