Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան 90-ամեակի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ անոր հիմնադրութեան 50-ամեակի կալայի ճաշկերոյթը գերազանցեց բոլորին ակնկալիքները՝ վերածուելով հայ մշակոյթի օրուան տօնախմբութեան, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով հրաւիրեալներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն:
Շաբաթ 3 Նոյեմբեր, 2018 թուականը եղաւ պատմական օր մը ո՛չ միայն Համազգայինի, այլ մեր գաղութի տարեգրութեան մէջ, երբ արդէն ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի յոբելենական ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակուած էին:
Բացումին հայկական եւ ամերիկեան քայլերգներով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ երգչուհի Աննա Պոյրազեան իր բարձրաթռիչ ձայնով, տալով սկիզբի ազդանշանը այդ անզուգական երեկոյին:
Առաւել քան 400 ներկաներ ապրեցան վայելքի պահեր, ըմբոշխնելով համազգայնաշունչ, հայ արուեստով յագեցած մթնոլորտ մը, թէ՛ մուտքի հայադրոշմ զարդարանքով, թէ՛ հայկական խորտիքներու հիւրասիրութեամբ ու մանաւա՛նդ հայկական խաղողի պատուական գինիով:
Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահի սեղանները զարդարուած էին հայկական ծիրանի փայտով ստեղծագործուած «Ա՜խ Թամար»ի եւ «Անոյշ»ի արձանիկներով, համալրելով հայ մշակոյթի այն մանրատիպը, որ մտայղացումն էր Յոբելենական յանձնախումբի անդամներուն:
Անոնք ճիգ չէին խնայած ներառելու հայ մշակոյթի բոլոր բնագաւառները՝ արցախեան գորգը, երեւանեան գեղջկական տարազն ու ձեռարուեստի նմոյշները, արծաթեայ կանացի արդուզարդերը, գօտիները, պարանոցի վզնոցները, ապարանջանները եւ ականջօղերը, մուգ կարմիր նուռը, ցորենի ոսկեգոյն հասկերն ու երաժշտական գործիքներու մանրատիպերը:
Աւելի՛ն. նոյնիսկ աճուրդի նպատակով վաճառքի հանուած իրերը՝ նուիրուած հայ վաճառորդներու կողմէ, մեծամասնութեամբ հայկական ոճ ունէին, արուեստագէտ Մայքըլ Արամի ճաշակով երկնուած շուշանազարդ իրեր, մոմակալներ, սկուտեղներ, բոլորը դրոշմուած էին հեղինակային կնիքով:
Մեծարանքի համար հրաւիրուած էին Համազգայինի տասնամեակներու նուիրեալ մշակներ՝ թիւով 22, որոնցմէ շատերը ներկայացած էին իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ: Ներկայ էին՝ Պետրոս Ալահայտոյեան, Խաթուն Բագրատունի, Վարուժան Տէմիրճեան, Կարպիս Դերձակեան, Վահէ Ժամագործեան, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, Ցոլակ Յովսէփեան, Կատիա Քուշերեան եւ Զարեհ Մարգարեան: