Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի աւանդական դարձած Ամանորի խրախճանքը այս տարի տեղի ունեցաւ Յունուարի 20-ին, Յունուար 12-13-ի ահաւոր ձիւնամրրիկին պատճառով: Մօտաորապէս 250-ի հասնող ներկաներով սեղաններու շուրջ հաւաքուած էին Համազգայինի մեծ ընտանիքին անդամները, անոր հովանիին տակ գործող ճիւղերը. «Անի պարախումբ»-ը, «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, «Քնար» երգչախումբն ու «Գրատարած-Գրադարան»-ի վարիչ անդամները, «Փոքրերու պատմութեան ժամ»-ը, «Սուրճ, թէյ եւ կարծիքներ»ու եւ «Սանահին ֆիլմի ակումբ»-ները, «Նանոր» մանկապատանեկան երգչախումբը, շրջանային եւ տեղական վարչութեան անդամներն ու Համազգայինի հաւատաւոր բարեկամները:
Թամար Շահինեան-Փօլատեանի բացման խօսքէն ետք, ընթրիքի մատակարարման հետ սկսաւ նաեւ զիրար շնորհաւորելու, սեղանէ սեղան այցելութիւններ տալու զուարթ պահը:«Նանոր» մանկապատենական երգչախումբը իր առաջին քայլերը համերգով մը պսակելէ ետք, մեզի հրամցուց Ամանորին եւ կաղանդ պապուկին նուիրուած երգեր` Լուսին Ժամկոչեանի ղեկավարութեամբ, իսկ ասմունքով ելոյթ ունեցան Նանոր Սնապեանը, Անահիտ Պալեանը, Գարեգին Կիւրիւնլեանն ու Ղազար Գալայճեանը, իսկ Լորա Պէրպէրեանը՝ իր առինքնող ձայնով հմայեց բոլորը:
Ընթրիքէն ետք, զուարճախօսութիւններով եւ խաղերով ստեղծուեցաւ այն տաքուկ ու հաղորդական մթնոլորտը, որ յատուկ է մեր աւանդական Ամանորի խրախճանքներուն: Ընկհ. Թամարը, չուշացաւ յատուկ շնորհակալական խօսքերով գնահատելու բոլոր նուիրատուները: Վիճակահանութենէն առաջ, խօսք առաւ ընկհ. Շահինեանը պարգեւատրելու համար երկար տարիներու ընթացքին անձնուիրաբար գործող ընկերուհին՝ Ռիթա Շամլեանը, որ ներկայ էր իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ: Բոլորիս համար պահը յուզիչ էր: Վերջապէս կը պարգեւատրուէր արժանաւոր մը, բոլորէն սիրուած ու յարգուած մեր Ռիթան: «Յաճախ, երբ կ'ուզենք պարգեւատրել Համազգայինին անսակարկ նուիրեալ մը, շնորհակալ ըլլալ՝ յարատեւօրէն մեր կողքին կանգնելուն համար,- կը նշէր վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Թամարը,- «կը սկսինք հետազօտութեան մը, տեսակ մը՝ մարդորսութեան: Համազգայնական մարդու արժանիքներու շարան մը կապած ենք, օդին մէջ՝ տեղ մը, եւ այդ ցուցակով կողմնորոշուելով փորձած ենք մեր մէջէն ճի՛շդ Մարդը գտնել, մեր Համազգայնականի սրտի խօսքը ըսել, գնահատել մեզի այդպէս առատօրէն իր բաշխածը...: Եւ մենք, մեր այդ ճիգին մէջ, կարծես ղեկը կը կորսնցնենք, եւ կը փնտռենք զայն մեզմէ վեր, տեղ մը, հեռուները, թերեւս գտնելու յոյսով «անգտանելի»-էն ոչ շատ հեռու ինկած անձը, մեզի համար՝ «ամենէ՛ն արժանաւորը»: Մեր այս խարխափումին մէջ հետզհետէ կը դառնանք բոլորովին անատակ՝ նկատելու ամէ՛ն Աստուծոյ օր մեր մօտը կանգնածը, «մեր քիթին տակինը», կ'ըսէին մեր մեծերը: Ինչպէ՞ս չէինք տեսած մեր անմիջական շրջապատին մէջ մեր շուքին պէս մեզ հետեւո՛ղը, մեր իւրաքանչիւր խնդրանքը սիրով ու անսակարկ նուիրումով կատարո՛ղը, Համազգայինէն եկած խնդրանքը պատգամ ու ազգային պարտականութիւն համարո՛ղը, եւ այս՝ տարինե՜ր շարունակ: Գիւտ մը չէր, բայց այդպէս թուեցաւ մեզի: Այնպէս ուրախ էինք, ու ոգեւորուած: Վերջապէս գտած էինք ճշմարիտ արժանաւորը, յանձինս՝ մեր բոլորին շատ սիրելի Ռիթա Շամլեանին, որ այդ բոլոր վերոյիշեալ արժանիքները խտացուցած է իր մէջ: Ան ամէն տեղ է, Շրջանայինի թէ տեղական վարչութեան երկարատեւ տարիներու անդամ է, երգիչ-երգչուհիներու, երգչախումբի թէ ասմունքներու իր դաշնակով անզուգական ընկերակցողը, անձնուիրաբար մասնակցողը Համազգայինի բոլոր ձեռնարկներու կազմակերպչական աշխատանքներուն, եւ կարելի է տակաւին թուել...: Ան եղած է մեր բոլորին քոյրը, մայրը, մեծ-մայրը, համբերատար ու այնքա՜ն ներողամիտ, բարեհամբոյր ժպիտը դէմքին՝ ան իրա՛ւ Համազգայնականի տիպարն իսկ է: Եւ որպէսզի մեր նորագոյն անդամները լաւ ճանչնան զինքն ու իր վաստակը, կը ներկայացնեմ իր հակիրճ կենսագրկանէն մասեր:»
Լիբանան
Մասնագիտութիւն՝ երաժշտութիւն
- Լիբանանի Պետական երաժշտանոց եւ Քասլիք: Դաշնակահարուհի: Յաջողութեամբ կ'աւարտէ երկու երաժշտանոցները:
Մոնրէալ
UQAM – երաժշտանոցէն ձեռք կը բերէ տեղական վկայական, որպէս դաշնակահարուհի:
Ընկերային սպասարկութիւններ
Լիբանան
- ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի անդամ եղած է եւ Շրջանայինի վարչութեան մէջ՝ դարմանատուներու պատասխանատու:
- ՀՄԸՄ- Սկաուտ խորհուրդի անդամ – Սօլֆէժի դասեր՝ ֆանֆարին:
- Համազգային Անթիլիաս – վարչական
- Համազգայինի Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց անդամ - Սանահին
- Երկար տարիներու ընթացքին Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին ոգի ի բռին նուիրուած դաշնակահարուհին եղած է եւ է, որ մինչեւ օրս կը կատարէ ի գին անթիւ զոհողութիւններու, անսակարկ, եւ մեծ համբերութեամբ:
Ընկհ. Ռիթան այս բոլորը յաջողած է իրականացնել շնորհիւ՝ իր ամուսնոյն քաջալերանքին, որ նեցուկ կանգնած է նախ՝ ընկհ. Ռիթայի ուսման կատարելագործման եւ միասին յաջողած են ջամբել իրենց չորս զաւակներուն թէ՛ ազգային ոգի եւ թէ պարտականութեան գիտակցութիւն, տուած են ընտանեկան ջերմութիւն եւ իրենց փորձառութեամբ ու կեանքին հանդէպ դրսեւորած իտէալներով դաստիարակած են զանոնք, եւ դարձած են բոլորի՛ս համար, հայու օրինակելի տիպարներ:
Ընկերուհի՛ Ռիթա, Համազգայինը հպարտ է ձեզմով, եւ կը մաղթէ, որ ձե՛ր օրինակը, ձե՛ր տեսակը ըլլայ վարակիչ՝ բոլոր սերունդներուն համար: Ձեր վարձքը՝ կատար:
Վարդի Դանիէլեան
Մոնրէալ, Փետրուար 18, 2018