«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ու մանաւանդ նկատի առնելով անոր կենսական ըլլալը Գաղութէն ներս, յարմար տեսնուեցաւ եւ արդէն իսկ սկսած են շաբաթօրեայ դրութեամբ, ամէն Չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6։00-8։00, եկեղեցւոյս կողքին գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունենալ «Մանկական Երաժշտակրթական Ժամեր» խորագրով նախաձեռնութիւնը, ուր փոքր տարիքի մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, շաբաթը անգամ մը կը հաւաքուին եւ անոնց մանկական երաժշտակրթական արդի միջոցներով կը բացատրուին ու կը դասաւանդուին զանազան տեսակի դաստիարակչական բնոյթ կրող թեմաներ, ինչպէս օրինակ՝ հայկական երաժշտութիւն եւ հեքիաթներ ունկնդրել եւ լսել, երաժշտական զանազան տեսակի գործիքներով դասաւանդութիւններ կատարել, որպէսզի մանուկ ու փոքր հասակէն հայ լեզուին հանդէպ ունենան սէր, իրենց մտքին ու հոգիին մէջ առաւել եւս թրծուին հայ մշակոյթը, արուեստը, լեզուն ու մանաւանդ ազգային նկարագիրը։
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ դասաւանդութիւններուն ուսուցիչ նշանակուած է Վիքա Նազարեան։
Առ այդ, Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեանի հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, երբ Աթէնքէն Թեսաղոնիկէ կը ժամանէր, ընկերակցութեամբ Գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանին, այցելեց այս նախաձեռնութեան վայրը եւ իր Հայրական Օրհնութիւններն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց թէ՛ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութեան Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ դասաւանդող ուսուցչուհիին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնք այս յոյժ կարեւոր մտայղացումը ունեցան եւ սիրայօժար կերպով փափաք յայտնեցին իրենց զաւակները ուղարկել հայկական շրջանակին մէջ, որպէսզի այդ ոգիով մեծնան եւ ապագային իրենց Ազգին, Եկեղեցւոյ, Միութեան պատիւ բերեն։