Կեդրոնական Վարչութիւն
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մանկապարտէզի բազմավաստակ նախկին պատասխանատու, մանկապարտէզի դասագիրքերու հեղինակ, Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի նախկին տնօրէնուհի
Տիկ. ԼՈՒՍԻՆ ՄԱԼԻՔԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ին, Մարսէյի մէջ։