21 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքին շնորհահանդէսը:
Օրուան բեմավար Նանոր Լիպարեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ գիրքը վաւերագրական արխիւային արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ գիրքին աւարտին նշուած են ահագին աղբիւրներ, որոնց ուսումնասիրութեամբ մէջտեղ եկած է սոյն գիրքը: Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ քանոնահար Մեղրիկ Գանձանակեան, որ նուագեց «Անահիտ» երաժշտական կտորը, որմէ ետք բեմավարուհին ներկայացուց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի հակիրճ կենսագրականը:
ՄըգԿիլ համալսարանի առողջապահական կեդրոնին մէջ գործող բժիշկ Արի Մկրտիչեանի կենսագրականի ներկայացումէն ետք, ան բեմ հրաւիրուեցաւ: Բժիշկը համապարփակ կերպով ներկայացուց գիրքը, ապա խօսքը փակեց յիշելով ցեղասպանութենէն ճողոպրած բոլոր այն ծնողները, որոնք թերեւս քիչ ուսում ստացած էին, ապրած էին ցեղասպանութենէն վերապրելու եւ աղքատութեան դառն պայմաններ, բայց եւ կրցած էին հասցնել բժիշկներ, ատամնաբոյժներ եւ ուսեալ սերունդ մը: Ան փակեց իր խօսքը մէջբերելով Հայրպոյեանի գիրքէն «Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր մենք պատերէն կը կախենք մեր վկայականները» խօսքը:
Ապա Բժիշկ Հարպոյեան իր սրտի խօսքը, յուզումը, ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց այս առթիւ, ապա պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Քեպէգի Հայ Բժիշկներու միութեան ներկայացուցիչ բժիշկ Սէրօ Անտոնեան, որ շնորհաւորեց բժիշկ Հարպոյեանը, ուրախութեամբ յայտնեց, թէ ան անդամ է միութեան, ապա մէջբերում մը ըրաւ գիրքին նախաբանէն ըսելով. «Մեր ճիտին պարտքն է չմոռնալ մեր նահատակ գործընկերները, հետապնդենլ մեր արդար դատը եւ մնալ պահանջատէր»:
Սոնա Թիթիզեան