Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեանց 27-րդ տարեդարձներուն առիթով ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմի շնորհահանդէս եւ վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ պէտք է ընկալել այս շնորհահանդէսը: «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմը գեղատիպ վաւերագրական լուսանկարներով, համապատասխան մասնագիտական ծանօթագրութիւններով կը ներկայացնէ առաջին հանրապետութիւնը, անոր կերտիչները, հիմնական իրագործումները: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Բացառիկ հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նման ալպոմ-հատորներու շնորհահանդէսներու կազմակերպում` մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով»:
Յասմիկ Այնթապլեանը սրինգով նուագեց «Երազ իմ երկիր հայրենի», ապա Լիլիթ Աբրահամեանը ներկայացուց «Պինկէօլ» եւ «Թռչէի մտքով տուն» երգերը` կիթառի ընկերակցութեամբ Դանիէլ Գըժտրեանի:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: