Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ գործող արուեստագէտներու, գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ընկերակցութեան (LAABS – Lebanese Association of Artists, painters and sculptors), Ուրբաթ, 31 Օգոստոս 2018-ին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ներկայացնող խումբ մը երաժիշտներ, ընկերակցութեամբ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեանի, ուղղուեցան Պաալպեք` հայկական երաժշտութեան երեկոյ մը հրամցնելու համար Պաալպեքի մէջ, ուր ժամանած էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ գեղանկարիչներ եւ քանդակագործներ` Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Պրազիլէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Վրաստանէն, Իրանէն եւ Չինաստանէն, որոնց կարգին Հայաստանէն` Արա Շահումեան (գեղանկարիչ) եւ Ռաֆայէլ Մանուկեան (քանդակագործ):