Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018-ին, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, Համազգայինի կազմակերպութեամբ եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին գործակցութեամբ տեղի ունեցաւ Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» վաւերագրական ժապւէնի ցուցադրութիւնը, որ կը ներկայացնէ 18-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան՝ Ռիզէի նահանգի Չամլըհէմշին, Արտաշէն, Հէմշին, Փազարի, Չայելիի, Իքիզտերէի գաւառներուն մէջ բռնի թրքացուած այս հայութեան տարբեր սերունդներու կեանքը: Անոնցմէ մէկ հատուածը, որ տակաւին պահպանած է Համշէնի հայերէնի տեղական խօսուածքը կ՛ապրի Թուրքիոյ Արտուինի նահանգի Խոփայի, Բորճկայի գաւառներուն մէջ: Քաղաքայնացման (urbanization) հետեւանքով համշէնցիներու խումբերու կարելի է հանդիպիլ նաեւ Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ, իսկ քրիստոնէութիւնը պահպանած համշէնցիները սփռուած են Սեւ ծովու ափերուն: Շարժապատկերին մէջ հմտօրէն ներկայացուած են Համշէնի իսլամացուած հայութեան սերունդներու տարբեր հատուածներու՝ կենցաղը, առօրեայ զբաղումները, երգարուեստը, պարը, բանահիւսութիւնը, սովորութիւնները, խոհանոցը եւ ժողովրդական խաղերն ու ասոյթները, ինչպէս նաեւ ինքնութեան ընկալումները:
Սլացիկ լեռներու լանջերուն, անտառապատ ստորոտի կանաչ մարգագէտիններուն եւ հովիտներուն մէջ ապրող ու հրաշալի բնութեան գիրկը բնակութիւն հաստատած համշէնցիները իրենց թրքերէն խօսքին մէջ հայերէն բառեր կը բարբառէին, տարբեր հնչիւններով եւ եղանակաւորումով՝ հայերէն խօսքեր: Անոնք թէեւ հայկական ինքնութիւնը կորսնցուցած, սակայն տեղական համշէնական ինքնութեամբ հպարտ մարդիկ են, իրողութիւն մը, որ յուզում յառաջացուց մեր հոգիներուն մէջ, սիրտի ցաւ մը, որ արդէն վաղուց կ՛արծարծուի, սակայն միաժամանակ հոգեկան գոհունակութիւն զգացինք, որ հեղինակը կրցած է հաղորդակցութիւն մը ստեղծել ներկաներուն եւ համշէնցիներուն միջեւ: Ժապաւէնին մէջ նշանակալի ձեւով գերիշխող են երկխօսութիւնները, զրոյցները, անմիջական յարաբերութիւնը եւ շփումը դիտողին հետ: Լուսինէ Սահակեան բացառիկ յաջողութեամբ նաեւ հաւաքած է թրքացած համշէնցիներու միջավայրին մէջ պահպանուած հայկականութեան հետքեր՝ տեղանուններ, աղօթքներ, զրոյցներ ու պատմութիւններ եւայլն: