3 Յունիս 2019-ին Համազգային Պրազիլ մասնակցեցաւ Սաու Փաուլոյի գաղթականներու տարեկան փառատօնին վեցերորդ անգամ ըլլալով։
41 տարբեր երկիրներէ ներկայացուցիչներ մասնակցած էին այս փառատօնին, ուր երեք օրերու ընթացքին 20 հազարէ աւելի այցելուներ ժամանեցին։ Համազգայինը մասնակցեցաւ երկու տաղաւարներով. ճաշի՝ուր ներկայացուցին հայկական ճաշի տեսակներ եւ արուեստի՝ուր ներկայացուցին Հայաստանէն հասած աւանդական ասեղնագործեր եւ տարբեր տեսակի զարդեղէններ։
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ փոքրերու Արեւիկ խումբը եւ Ծիրանին, որ կազմուած է աւելի երեցներէ, ուր ներառուած են նաև բնիկ տեղացիներ, որոնք հետաքրքրութիւն ունին ծանօթանալու հայկական աւանդական պարերու եւ շաբաթական մէկ փորձով կը սորվին հայկական շուրջպարերը։
Այսպիսով Համազգայինը իր Առաքելութիւնը կը կատարէ աշխարհի մէկ տարբեր ծայրամասին մէջ, ուր վառ կը պահէ հայկական մշակոյթը եւ զայն կը փոխանցէ իր սերունդներուն եւ կը ծանօթացնէ լաւագոյնս կերպով օտար ազգերու դառնալով ջահակիրը Հայ Դատի։