Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90ամեակի շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 22 Սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյան ժամը 7-էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Սոյն թուականը կը զուգադիպէր, շրջանիս Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 44-րդ ամեակին. այս պատմական առիթով, իւրաքանչիւր հիմնադիր անդամ դիմաւորուեցաւ այժմու վարչութեան անդամներուն կողմէ ու ստացաւ խորհրդանշական վարդ մը իր լամբակին վրայ:
Երեկոյթին ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի ու շրջանին մէջ գործող այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, 90ամեակի տօնակատարութեան օրուան գլխաւոր խօսնակ, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեան, յատկապէս հրաւիրուած Լոս Անճելըսէն, ինչպէս նաեւ շուրջ 300 հանդիսականներ, որոնք եկած էին նեցուկ կանգնելու, քաջալերելու եւ շնորհաւորելու Համազգայինի 90ամեակը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումով:
Բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց ու յայտագիրը ձեռնհասութեամբ վարեց շրջանիս Համազգային «Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան. ան, շարունակելով իր խօսքը, օրինակ մը տուաւ Մահաթմա Կանտիէն, որ ըսած է. «Ազգի մը մշակոյթը կ՛ապրի իր ժողովուրդի սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ»:
«Որքան ճիշդ է ըսածը եւ իբրեւ փաստ, ահաւասիկ մեր հայ ժողովուրդի օրինակը: Համազգայինի հիմնադիրները գաղթօճախներու մէջ ցրուած եւ դժուար պայմաններու մէջ միշտ վառ պահեցին հայ մշակոյթի սէրը: Եգիպտոսի մէջ ծնունդ առած եւ Միջին Արեւելք, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ, Եւրոպա, Գանատա եւ Աւստրալիա հասած այս կազմակերպութիւնը եղաւ հայ մշակոյթի աննկուն պահակը եւ հայ ժողովուրդի տեսլականին ջահակիրը», ըսաւ Ռ. Գասպարեան՝ աւելցնելով. «2018ը յատկանշական տարի է. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը, ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակ եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 90ամեակ: Անշուշտ հպարտանալու առիթ է այսօր բոլորիս, որովհետեւ իր 90 տարուան պատմութեան ընթացքին Համազգայինը հասաւ բազմաթիւ իրագործումներու: Այսօր, Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, Համազգայինի հանդէպ մեր սէրն ու հաւատքն է որ մեզ համախմբած է բոլորս»: