«Համազգային»ի 90-ամեակին նուիրուած հանդիսաշուք տօնակատարութիւնը կատարուեցաւ Նէոս Գոզմոսի «Աթինայիքօ» հանդիսասրահին մէջ, 24 Նոյեմբեր 2018-ին: Տօնակատարութիւնը սկսաւ տեսերիզի մը ներկայացմամբ, պատրաստուած Հայաստանի մէջ, ուր թատերականացուած բեմադրութեամբ կը ներկայացուէր «Համազգային»ի հիմնադրութեան առաջին հանդիպումը Գահիրէի մէջ, խումբ մը մտաւորական ընկերներու կողմէ (Շանթ, Աղբալեան, Իփէկեան, Օհանջանեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան, Սարգիս Մալխասեան, եւայլն): Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցաւ երկրորդ տեսերիզ մըն ալ, որ կ՚անդրադառնար յատկապէս Յունաստանի «Համազգային»ի հիմնադրութեան ու գործունէութեան, հին օրերէն մինչեւ մեր օրերը միութեան բազմամարզ աշխուժութեանց եւ ելոյթներուն ընդմէջէն:
«Համազգային»ի տօնակատարութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերովբէ Էքիզեան, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան, Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Լիզէթ Գիրազեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղներու վարչութեանց ատենապետներ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, միութենական կառոյցներ, Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեան:
Հանդիսավարութիւնը կը կատարէր «Համազգային»ի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան քարտուղարուհի Արշալոյս Սափրիչեան: