Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Գանատա այցելութեան առթիւ, Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2018-ին, Օթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի համագործակցութեամբ կազմակերպուեցան շարք մը հանդիպումներ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ Պրայըն Մէյի եւ փոխատենապետ Հարոլտ Ալպրէխթի հետ: Համազգայինի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Քահվէճեան եւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պէլեան:
Նախքան հանդիպումներու մեկնարկը, պատուիրակութեան անդամները յատուկ շրջապտոյտ մը ըրին Գանատայի խորհրդարանէն ներս, ուր աւելի մօտէն ծանօթացան Գանատայի պատմութեան, խորհրդարանական համակարգին եւ պետական կառոյցներուն: Շրջապտոյտը առաջնորդեց պետական պաշտօնեայ՝ Արեւիկ Աֆարեան:
Հանդիպումներու ընթացքին Համազգայինի պատուիրակութիւնը զոյգ երեսփոխաններուն ներկայացուց Համազգայինի 90-ամեայ պատմութիւնը, կառոյցը, աշխարհասփիւռ գործունէութիւնն ու ծրագիրները եւ նամանաւանդ Գանատայի շրջանէն ներս կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող հայանպաստ տարատեսակ նախաձեռնութիւնները: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ մշակոյթի զարգացման, լեզուի պահպանման եւ սոյն գործերուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Համազգայինի անզուգական առաքելութեան վրայ:
Նշենք, որ Մկրտիչ Մկրտիչեան Գանատա կը գտնուէր իր մասնակցութիւնը բերելու եւ բանախօսելու Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի 90-ամեակի յատուկ հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ 14 Հոկտեմբերին: