Կեդրոնական Վարչութիւն
2018-ն Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակն է: 9 Սեպտեմբեր 2018-ին Երեւանի մէջ Համազգայինի 90-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկէն ետք, աշխարհատարած միութեան Շրջանային վարչութիւններն ու Մեկուսի կազմերը սկսած են կազմակերպել ձեռնարկներ` իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ նշելու Համազգայինի 90-ամեակը:
Արդէն իսկ տեղի ունեցած են 3 ձեռնարկներ. 12 Օգոստոսին Պրազիլի մէջ, 7 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ, իսկ 14 Հոկտեմբերին Քանատայի մէջ նշուեցաւ Համազգայինի 90-ամեակը: Մնացեալ շրջաններուն մէջ նախատեսուած են ձեռնարկներ հետեւեալ թուականներուն. Աւստրալիա` 28 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ` 3 Նոյեմբերին, Շուէտ` 4 Նոյեմբերին, Յունաստան` 24 Նոյեմբերին, Կիպրոս` 1 Դեկտեմբերին, Սուրիա` Դեկտեմբեր 2018-ին, իսկ Լիբանան` Յունուար 2019-ին: