Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի 19-րդ Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի մասնակցութեամբ:
Քննելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, Ընդհանուր Ժողովը գտաւ որ շրջանաւարտ Վարչութիւնը արդիւնաւոր աշխատանք տարած է մասնաճիւղի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, յատկապէս «Սիփան» եւ «Անի» պարախումբերու եւ մշակութային երեկոներու կապակցութեամբ եւ այս գործունէութիւնը աւելի ընդլայնելու ու դէպի երիտասարդութիւնը բացուելու առաջադրանքով տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն.
Արթօ Դաւիթեան (Ատենապետ)
Շուշիկ Պաքալեան (Քարտուղար)
Շանթ Գայայեան (Գանձապահ)
Յաբէթ Թուլումճեան
Տիգրան Չիլինկիրեան: