Երաժշտութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ իր առանցքային դերը ունի: Ան հոգիները առինքնող եւ ազնուացնող ազդակ մըն է: Արուեստասէրները այս առումով կը փութան համերգային ծրագիրներու ներկայ գտնուիլ, որպէսզի ունկնդրեն եւ վայելեն երաժշտութեան հմայքը:
Այս նպատակով «Պէյրութ Չենց Ֆեսթիվըլ»-ը Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան համար 11-րդ տարին ըլլալով նախաձեռնեց հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնին` ընթացիկ դեկտեմբեր ամսուան 1-էն սկսեալ: Տարբեր համբաւաւոր երաժշտական խումբեր, երաժիշտներ եւ երգչախումբեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան եւ ամանորեան ու Ս. Ծննդեան խորհուրդը փոխանցեցին ունկնդիրներուն: Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը անմասն չմնաց այս փառատօնէն: Արդարեւ, Շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական համերգ ներկայացուց` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Իւրայատուկ համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, զբօսաշրջութեան նախարարն ու իր կինը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: