Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբը Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին համերգով մը ելոյթ ունեցաւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ` Աւետիս Նազարեանի մանկական երգերով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակահար Լիւսի Գռուզեանի:
Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան համերգին սկիզբը խօսք առնելով` նշեց, որ «Կարկաչ» երգչախումբին համար այս տարին բաւական աշխուժ տարի մը եղած է, որուն ընթացքին երգչախումբը նախ իր մասնակցութիւնը բերած է «Պէյրութ Չանթս» փառատօնին, որմէ ետք մասնակցած է Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբի Սուրբ Զատկուան համերգին, ապա` ապրիլ 24-ի Մոնոյի երիտասարդական հսկումին, որմէ ետք յատուկ համերգով մը նշած է Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակները, ապա յատուկ համերգով մը` Լեւոն Շանթի եւ Համազգայինի 90-ամեակի նուիրուած ձեռնարկին:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: