Թորոնթոյի մէջ, Փետրուար ամիսը սովորաբար բուք ու բորանէն հեռու՝ տուներուն մէջ, կրակարաններուն առջեւ կծկուելու ամիս է. կամ՝ աւելի արկածախնդիրներուն կամ մարզանքով հետաքրքրուողներուն համար՝ քաղաքէն դուրս, լեռներու վրայ սահելու ամիս։
Սակայն, տարբեր էր Փետրուարը այս տարի. մշակութային ձեռնարկներով ողողուն ամիս մը, հակառակ՝ սաստիկ ցուրտին, անդադար տեղացող ձիւնին, սառուցեալ անձրեւին, որոնք իրարու հետ եկան քաղաքը ճերմակ ու սահուն տափաստանի մը վերածել, մանաւանդ՝ ամսուան առաջին կիսուն։
Իսկ այս վիճակին ստեղծած տրամադրութենէնդուրս գալու համար, աւելի յարմար ի՞նչ միջոց կայ արդեօք, քան՝ ծիծաղը. ուրեմն, հակիրճ՝ Վահէ Պէրպէրեանի մենախօսութեան մասին։
«ՈՒՐԵՄՆ» մենախօսութեան ներկայացումը ծրագրուած էր Համազգայինի «Դէմ Դիմակ» թատրոնին կողմէ, 10 եւ 11 Փետրուար 2018-ին, համբաւաւոր «Երգ Հայաստանի» երաժշտախառն թատերական ներկայացումէն մօտ երեք շաբաթ անց։ Փակագիծ մը բանալով կ՚արժէ նշել, թէ Հ.Հ. ժողովրդային արտիստ Աշոտ Ղազարեանի, հմայիչ դերասանուհի-երգչուհի Արփի Գաբրիէլեանի ու սիրուած, տաղանդաւոր դերասան Ռաֆայէլ Երանոսեանի կատարողութեամբ՝ «Երգ Հայաստանի» ներկայացումը (բեմադրութիւնը՝ Արշալոյս Յարութիւնեանի) մեծապէս խանդավառած էր Թորոնթոն, 26 Յունուարին։
Փետրուարը հազիւ թեւակոխած, «Ուրեմն»ի երկու ելոյթներուն տոմսերը սպառեցան. Ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, երրորդ ներկայացումը կազմակերպուեցաւ, 13 Փետրուարին։ Վահէ Պէրպէրեանի ներկայացումներուն ծանօթ անձը գիտէ թէ ինչ կ՚ակնկալէ. Պէրպէրեան իր նիւթերը կը վերցնէ կեանքէն, ժողովուրդէն, մեր առօրեայէն. չի վարանիր, չի զտեր, չի մեղմացներ. կու տայ այնպէս ինչպէս որ ինք համադրած է՝ ազատ, անկեղծ, անկաշկանդ։ Ինչպէս հանդիսավար Վարագ Պապեան իր բացման խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ՝ «Այս սրահին մէջ հաւաքուողներուս համար, Վահէ Պէրպէրեանը անծանօթ անուն, անծանօթ դէմք չէ։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր , իր սրամիտ մենախօսութեամբ, կրցած է , արտօնած ՝ մեր ազգը պաշտպանող վահանը մէկ կողմ դնել և շատ պարզ ձեւով մեր ոտքերը տնկել ու խնդալ»: Եւ այդ ալ ըրաւ հանդիսատեսը. երէցն ու երիտասարդը, հայաստանցին, սուրիահայը, պարսկահայը, լիբանահայը, գանատահայը, իրաքահայը…. «Համազգային» թատերասրահը բերնէ բերան լեցնող հայը նստեցաւ եւ մօտ երկու ժամ բարձրաձայնխնդաց իր կեանքին, կենցաղին, յարաբերութիւններուն, համոզումներուն մասին առանց դադարի, երերայաջորդ պատումներունականջալուր։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի գիրքերու եւ խտասալիկներու վաճառքը, կազմակերպուած Գրատարած-գրադարանի յանձնախումբին կողմէ։
ՓՈՔՐԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄ
Կիրակի՝ 11 Փետրուար 2018, հաւանաբար Գլաձոր մասնաճիւղի պատմութեան էջերուն անցնի իբր ամենէն բազմակողմանիօրէն ծանրաբեռնուած օրերէն մին. երեք տարբեր ձեռնարկներ՝ «Ուրեմն»ի երկրորդ ելոյթը, Փոքրերու Պատմութեան ժամ յայտագիրը եւ Պարարուեստի ելոյթ՝ մէկ օրուան մէջ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: