Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` մասնակցութեամբ պալէի բաժինին, հանդէս եկաւ «Սարդարապատ» ելոյթով (պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավարներ` Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը):
2018 տարին կը զուգադիպի քանի մը ամեակներու. 100-ամեակ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, 90-ամեակ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, 35-ամեակ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին, որ շուտով համալրուեցաւ գեղարուեստի չորս դպրոցներով, որոնցմէ «Գայեանէ» պարի դպրոցը տարուէ-տարի յառաջդիմելով, ներկայիս ունի երկու տասնեակի հասնող բազմանդամ խումբեր, անշուշտ բաժնուած տարիքային առումով: «Գայեանէ» պարի դպրոցը անցնող հինգ տարիներուն ունեցաւ պալէի բաժին մըն ալ, որ այսօր կը հաշուէ 75 աշակերտ: