Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ քոլեճի ուսուցիչներուն:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ քոլեճի 35-ամեակը նշել կը նշանակէ նշել յիշատակը եւ յիշել վաստակը անոր հիմնադիրներուն, Համազգայինի իրերայաջորդ շրջանային վարչութիւններուն ու խնամակալութիւններուն, նախկին տնօրէններուն եւ նախկին ուսուցիչներուն, որոնցմէ շատեր այսօր հեռացած են այս աշխարհէն, սակայն անոնց աշխատանքն ու վաստակին պտուղը ահա կենդանի կը մնան 35 տարիէ ի վեր: Էմմիեան յայտնեց, որ երաժշտական քոլեճը հիմնուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի` համատարած աւերի, քանդումի, սպանութեան, քաոսի, այլ խօսքով` անստոյգ ապագայի օրերուն եւ կը շարունակէ իր երթը տնտեսական պատերազմի ներկայ օրերուն:
«Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը կը շարունակէ գործել ի խնդիր նոր սերունդի հոգեմտաւոր աշխարհի հարստացման ու զարգացման: Այո՛, քաջ գիտենք, որ մեր բոլոր աշակերտները արհեստավարժ երաժիշտներ պիտի չըլլան, սակայն նաեւ գիտենք, որ այդ արհեստավարժ երաժիշտները կարիքը ունին արհեստավարժ երաժշտասէրներու, այսինքն` ունկնդիրներու, որոնք գիտեն լաւը վատէն, գեղեցիկը տգեղէն, արժէքաւորը անարժէքէն զանազանել, այլ խօսքով` օժտուած են ճշգրիտ կերպով կողմնորոշուելու եւ գնահատելու գիտելիքներով ու մշակուած ճաշակով: Ահա այս է մեր 35-ամեայ հաւատամքը եւ առաքելութիւնը, ահա այս է մեզի փոխանցուած ջահը», եզրափակեց Վահրամ Էմմիեան: