5 Հոկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի Արդի միաւորը իր գործունէութեան տարեգրութեան մէջ տպաւորիչ յառաջխաղացք արձանագրեց: Արդի միաւորը Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան մաս կը կազմէ: Անոր նպատակն է՝ քաջալերել, յայտնաբերել նոր տաղանդներ, անոնց բեմ տալ եւ երիտասարդ հայ սերունդը համախմբել հայկական մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան զարգացման եւ տարածման գործունէութեան շուրջ, այլազան ձեռնարկներ եւ համերգներ կազմակերպելով:
Արդի միաւորի ձեռնարկած առաջին ելոյթը ընկերական հանդիպում եւ հաւաքոյթ մըն էր «Սեթըլայթ Սիթի»ի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ երաժշտական հանդէս եւ Արմէն Արուշի գեղանկարչական արուեստի ցուցադրութիւնը: Վերջերս Արդի միաւորը նաեւ կազմակերպեց «Ծառերը Հայաստանի Մէջ» խորագրեալ երկրորդ յաջող ձեռնարկը:
Օրուան հիւրն էր «Armenia Tree Project» կազմակերպութեան տնօրէն Անահիտ Ղարիպեան, որ ներկայացուց «Հայկական Ծառ» ծրագիրի անցեալի գործունէութիւնը, անոր նուաճած յաջողութիւններն ու կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ նպատակն ու յետագայ ծրագիրները: Ան նշեց, որ «Հայկական Ծառ» ծրագիրը այս տարի պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 25րդ ամեակը: 25 տարիէ ի վեր այս կազմակերպութիւնը յամառօրէն ծառեր ցանած է, որպէսզի անտառահատումի հարցը լուծէ եւ Հայաստանի կլիմայի եւ միջավայրին բարելաւման նպաստէ:
Նոյն կազմակերպութենէն Սերա Հէյս՝ «Հայկական Ծառ» ծրագիրի Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչը, հակիրճ կերպով խօսեցաւ Սիւնիքի մէջ իր ապրած օրերուն անմոռանալի փորձառութեան մասին, երբ ան ժամանակաւորապէս Հայաստան կը բնակէր՝ իբրեւ «Փիս Քոր»ի անդամ: Վերոնշեալ երկու ներկայացուցիչները շատ կարեւոր տեղեկատուական ներկայացում մը կատարեցին՝ հանդիսականներուն ծանօթացնելով իրենց աշխատանքները։