Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին Խրիմեան Հայրիկ բեմ բարձրացաւ Նիկոսիոյ մէջ եւ իր հզօր պատգամը փոխանցեց հայութան, շեշտելով մեր հայրենիքին, հաւատքին, մշակոյթին եւ հայ ընտանիքին կարեւորութիւնը ազգի փրկութեան ու յարատեւութեան որպէս միակ գրաւական:
Համազգայինի Կիպրոսի մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկին ներկայ ժողովուրդը մագնիսացած հետեւեցաւ Խրիմեան Հայրիկի պատումին՝ իր կեանքի մանրամասնութիւններուն, հոգեւորականի փորձառութիւններուն եւ ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Յուզումով հետեւեցաւ անոր պատրիարքական ու կաթողիկոսական տարիներու քաղաքական վերիվայրումներուն՝ Պերլինի Վեհաժողով, եկեղեցական կալուածներու գրաւում եւ այլ դրուագներու նկարագրութեան:
Վերջաւորութեան հանդիսատեսները որոտընդոստ ծափերով ողջունեցին ու իրենց գնահատանքը արտայայտեցին Տոքթ. Հրանդ Մարգարեանին, որ այնքան հարազատ ու հայօրէն յուզիչ ու պանծալի կերպով ներկայացուց Խրիմեան Հայրիկի կերպարը, ժամէ մը աւելի տեւած բարձրարուեստ մենաներկայացումով: Ներկայացում՝ որ միեւնոյն ատեն հայրենասիրութեան եւ յառաջդիմականութեան մասին դաստիարակչական պատգամ մը ունէր:
Թատերագիր, բեմադրիչ, դերասան, գրագէտ, քննադատ, գիտնական, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեանի հեղինակութեամբ, բեմադրութեամբ եւ խաղարկութեամբ ներկայացուած այս հրաշալի ներկայացումը անջնջելի պիտի մնայ կիպրահայութեան մտքին մէջ: Ժողովուրդը սրահէն մեկնեցաւ զինք դարձեալ շուտով տեսնելու եւ անոր արուեստը ըմբոշխնելու փափաքով, այդ փափաքին իրականացման պարտականութիւնը դնելով Համազգայինին վրայ: