Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Պասսամ Սապա, Համազգայինի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան եւ Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր ղեկավար Յարութ Ֆազլեան, այցելեց նախագահական պալատ եւ առաջարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին հովանաւորելու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական հանդիսութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի վաստակին եւ արուեստին մասին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան կողքին Ազնաւուրի վայելած ժողովրդականութիւնը եւ անոր արուեստի գնահատելի ընկալումը լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ: Ան հաստատեց, որ Ազնաւուրի ելոյթները միշտ ալ հմայած են լիբանանցի հանդիսատեսը եւ անոր երգերը կը լսուին ամէնուրեք: