ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
8 Մարտ 2018-ին, Թորոնթոյի Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը բացումը կատարեց տաղանդաւոր եւ հանրածանօթ արուեստագէտ Յակոբ Խուպէսէրեանի արուեստի գործերու ցուցահանդէսին:
Յակոբ Խուպէսէրեանի շնորհալի գործերը, նուրբ մատիտի գիծերը, նսեմ գոյները եւ քանդակի ողորկ եզրերն էին Համազգային Յարութիւն Մանուկեան գրադարանի «պատուոյ հիւրերը», եւ շատ սպասուած թարմացուցիչ շունչ մըն էին բոլոր ներկաներուն համար: Արուեստը գնահատող ներկաները, կարճ ընթացքի մը համար, բաժակ մը գինի ձեռքերնին, արբեցած էին գոյներու եւ մատիտի նուրբ գիծերու շնորհիւ եւ վայրկեան մը մոռնալով թէ՛ կեանքի եւ թէ՛ գանատական (անգոյ) Գարնան իրականութիւնը, փոխադրուեցան ուրիշ աշխարհ մը` հետեւելով արուեստագէտի անզուգական մատիտէ պողոտաներուն…