Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Արթիւր Ք.-ի (Յարութիւն Նիկոլեան) «Ոսկեղէն տուներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հասարակութիւն մը:
Կազմակերպուած ցուցահանդէսին առիթով խօսք առաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ նշելով գեղանկարիչ Արթիւր Ք.-ի իւրայատկութիւնները ըսաւ. «Արթիւրին մէջ կան այնպիսի արժանիքներ, որոնք իր ստեղծագործութիւնները կը դարձնեն շատ գեղեցիկ ու մանաւանդ մարդկային: Այսօր Արթիւրին շնորհած գոյներով, գեղեցկութիւններով, արտայայտութիւններով եւ յատկապէս այն տուներով, որոնք կը յատկանշեն Լիբանանի տարբեր շրջանները, բնականաբար պիտի ապրինք մշակոյթի բերկրանքի անհուն պահ մը»:
Յ. Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին գեղանկարիչին մաղթեց առողջութիւն, անոր ստեղծագործական երթին մէջ սահուն ընթացք եւ անսպառ վրձին հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, որ միշտ աջակից ու քաջալերող հանդիսացած է Համազգայինի թէ՛ հրատարակչական, թէ՛ ցուցասրահի աշխատանքներուն: