Թատերական ներկայացումը գրական երկի եւ բեմական գործողութեան համադրութեամբ ստեղծուող իրականութիւն է: Թատրոնը կեանքի հայելին է. իմաստալից է Սօս Սարգսեանի խօսքը թատրոնի դերի մասին՝ « Թատրոնը շատ մեծ, վիթխարի դեր ունի խաղալու մեր հասարակական կեանքում, մեծ է նրա դերը նոր սերնդին կրթելու եւ դաստիարակելու գործում»:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Դէմ Դիմակ» թատերական յանձնախումբի հրաւէրով, 26 Յունուար 2019-ին, Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգային թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Բաբելոնի Աշտարակ» խիստ քրքջալի կատակերգութիւնը:
Բացումը կատարեց Արա Հասըրճեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ թատերախումբին , որ ջերմապէս ընդառաջեց վարչութեան հրաւէրին եւ առիթը ընծայեց թորոնթոհայ գաղութին վայելելու իրենց տարած տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը:
«Բաբելոնի Աշտարակ» կատակերգութեան հեղինակն է Մայքըլ Ֆրէյն. թատերախաղը արժանացած է վերջին երեսնամեակի ամէնէն յաջող կատակերգութիւններէն մէկուն համբաւին: Թատերախաղի հայացումը եւ բեմադրութիւնը կատարած է Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ մաս կազմած է «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին 1971-էն սկսեալ: Թիւֆէնքճեան ցարդ բեմադրած է ինը թատերախաղեր: Գնահատելի է բեմադրիչին նուիրեալ մօտեցումը թատերական կեանքի տարբեր երեւոյթներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ համախմբելու երիտասարդ ու նորեկ տարրեր անոնց մէջ արթնցնելու սէր՝ հանդէպ հայ բեմին ու թատրոնին:
Կատակերգութիւնը ներկայացուեցաւ երեք արարներով եւ երկու ընդմիջումներով: Առաջին արարը կը ներկայացնէ թատերախումբի մը ունեցած ծիծաղաշարժ անցուդարձերը փորձերու ընթացքին, իսկ երկրորդ եւ երրորդ արարները՝ ներկայացումները քուլիսներու մէջ եւ բեմի վրայ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: