Մուսա լերան հերոսամարտի 103-րդ տարեդարձի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այնճարցի երիտասարդ արուեստագէտներու գեղանկարչական ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեանի:
Ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղը:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Այնճարի երիտասարդ արուեստագէտներէն Պետիկ Տուտագլեան, Կարպիս Քենտիրճեան եւ Հուրի Մարգարեան:
Գիւղի հոգեւոր պետերը, ցուցահանդէսի հովանաւոր արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեան, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ արուեստագէտները կտրելով ժապաւէնը բացումը կատարեցին ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լալիկ Խօշեան: Ան գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտներուն գործերը, որոնց ընդմէջէն անոնք յաջողած են գեղեցկութեան ու ներդաշնակ գոյներու երանգաւորումով հրաշալի կերպարներու արտայայտութիւնը դրսեւորել ու հրամցնել մեզի: Ան աւելցուց, որ անոնց վրձինի հարուածները շատոնց ու քանիցս հոգիի եւ կեանքի ծիլեր անմահացուցած են կերպասեայ պաստառներու վրայ, որոնք ծնունդ առած են իրենց ներաշխարհէն ու ապրումներէն: Ան ընդգծեց նաեւ, որ այս ցուցահանդէսին յաւելեալ շունչի, կենսունակութեան եւ ուժի ներշնչարանը կը մնան անոր բացումն ու նախագահութիւնը ստանձնած արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեանի անձի էութիւնն ու արժանիքը: