Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգիչներ Գոհար Յովհաննիսեանի, Ռուբէն Սասունցիի եւ Աղասի Իսպիրեանի:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Վարդան Ազնաւուրեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:
Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնարկը վարչութեան գործունէութեան նոր տարեշրջանի առաջինն է, նաեւ կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին: Ազնաւուրեան հաստատեց, որ ազգագրական եւ ազգային երգերը միշտ եղած են հոգեհարազատ եւ լաւագոյնս կ՛արտացոլեն մեր մշակոյթը, նաեւ կ՛ամրապնդեն հայրենիքի հետ կապը: