Ղեկավար  ուղղութիւններ

(ՀՕՄի  71-րդ  Պատգամաւորական Ժողովի  առիթով)

Ժողովի մը ընթացիկ օրակարգերու քննութիւնը անշուշտ խիստ անհրաժեշտ է, քանի այդ օրակարգերուն մէջէն կը բխի անմիջական ընելիքներու յստակ տարազումը: Տաղտկալի սովորութիւն կը դառնայ այդպիսի խնդիրներու շուրջ յաճախ նոյն՝ քառամեակներու ընթացքին կրկնուող արտայայտութիւնները ունենալն ու լսելը, երբեմն նոյնիսկ անցեալին առնուած, բայց՝ այս կամ այն պատճառով չգործադրուած որոշումներու յուսահատեցնող  յաճախականութեամբ վերարտադրութիւնը: Այդպիսի երեւոյթներ անխուսափելի են հոսող հաւաքական կեանքին մէջ եւ մտահոգիչ չեն: Վտանգ կը կայանայ սակայն, երբ ընթացիկ հարցերու լուծման որոնումին մէջ մշուշի խաւի մը տակ կը ծածկուին հաւաքականութեան գործունէութեան հիմնական եւ հիմնարար սկզբունքներ. պարզ խօսքով՝ երբ ուղղութիւն ցոյց տուող ու տեւապէս  մղում բանեցնող գաղափարը կը նսեմանայ առօրեայի պարտադրած մանրամասնութիւններուն բազմութեան ու ծանրութեան դիմաց: Դժուար չէ եզրակացնելը, որ այս պարագային գործունէութիւնը կը դադրի նպատակասլաց ըլլալէ եւ թափուած ճիգը շատ բան կը կորսնցնէ իր ազդեցիկութենէն. հսկայական ճիգ թափուած կ’ըլլայ հասնելու համար ստորադաս աստիճանի արդիւնքի: Իսկ մեր  միութիւններուն նմանող կառոյցներու թափած ճիգը չափազանց յարգի տեսակէն է, քանի ան հիմնուած է առողջ կամաւորականութեան վրայ: Սխալ չհասկցուինք. մեր յանձնառու ազգայիններու թափած ճիգը անհատի ազատ ժամանակը լեցնելու եւ այդ միջոցով բնազանցական ձանձրոյթէն ազատագրուելու չի ծառայեր. այլ՝ նուիրումի, անհատական եւ ընտանեկան կեանքի մարզերէն պոկելով հաւաքակա՛ն կեանքին մէջ յաճախ նիւթական եւ այլ՝ բազմատեսակ  ներդրումներու, բազում զոհողութիւններո՛ւ գինով հաւաքական արդիւնքի մը հասնելու կը նպաստէ: Իսկապէս մեղք է, երբ այդպիսի բարոյական բարձրորակ յատկանիշներով օժտուած ճիգը կը զրկուի համապատասխան արդիւնքի առաջնորդելու կարելիութենէն:

Որո՞նք պէտք է ըլլան ներկայիս մեր ազգային միութիւններու գործունէութեան ղեկավար ուղղութիւնները: Անշուշտ իւրաքանչիւր միութեան նպատակները, գործունէութեան դաշտերն ու աշխատելաձեւը սահմանուած են անոնց ծրագրերով եւ կանոնագրերով: Խօսքս ատոնց մասին չէ, այլ՝ ներկայ պայմաններուն մէջ ապրուող կեանքի պարտադրա՛ծ ուղղութիւններուն մասին:

Համաշխարհային քաղաքական ու քաղաքակրթական ներկայ դրուածքին մէջ մենք բնազդաբար կը զգանք, որ հաւաքաբար մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք. անոնցմէ հիմնականը այն է, թէ հին սերունդները բնական ընթացքով կը սկսին թուական նուազում կրել, իսկ նոր սերունդները առհասարակ կը զլանան իրենց մասնակցութիւնը ընդհանրական ճիգին: Ասիկա հետեւանքն է երկու-երեք դարերէ ի վեր յաղթական ու տակաւին իր երթը շարունակող արեւմտեան քաղաքակրթութեան պարտադրած տարրական սկզբունքներուն վրայ. ամփոփ ներկայացուած՝ անհատապաշտութիւն, տնտեսականութիւն, անհատական ազատութեան պաշտամունք, նիւթական կարելիութիւններու աննախընթաց աճ, սպառողականութեան չափազանցեալ տարածում, անկարեւորը կարեւորի վերածելու նպատակով հոգեբանական միջոցներու չարաչար գործադրութիւն: Մասնաւորաբար վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին նախորդ դարու վաթսունական ու եօթանասունական տարիներու ըմբոստ սերունդին արդի տարեկիցը վերածուած է համակերպող, միայն իր անհատական շահերը հետապնդող սերունդի. այնքան՝ որ երիտասարդական բնականօրէն առողջ եւ անշահախնդիր նկարագիրը կորսնցուցած է անարդարութիւններու դէմ բողոքի յարատեւութիւնը: Միւս կողմէ՝ կոտորակումի ենթարկուած է քաղաքական դաշտը, որ փոխարինուած է քաղաքացիական կոչուող հասարակութեան արտայայտութիւններով, որոնց սակայն կը պակսի քաղաքական կամքի անցեալի վճռակամութիւնը: Երբեմնի  ուժական ամբողջութիւնը վերածուած է խայտաբղէտ մանրամասնութիւններու անզօր գումարի մը. կեանքի ամբողջ քաղաքական դաշտը աչքի առջեւ ունենալու փոխարէն՝ բազմութիւններ կը զբաղին իրենց ”մասնագիտութեամբ”. բացառաբար կենսոլորտի հարցերով, բացառաբար մարդկային իրաւունքներով, բացառաբար ցեղային ու սեռային փոքրամասնութիւններու ազատութեան խնդիրներով եւ այս ու այն հարցերով:Համադրում փորձողները ժխտական մակդիրներով կը պիտակաւորուին. ծայրայեղ, ահաբեկիչ, անմեղօրէն՝ երազապաշտ:

Ինքնին հասկնալի է, որ մենք համաշխարհային չափանիշներով շարունակուող այս ընթացքին վրայ նուազագոյն ազդեցութիւնն իսկ չենք կրնար ունենալ: Մենք տկար ենք, ծանօթ ենք մեր տկարութիւններուն եւ անոնց պատճառներուն: Նորանկախ, շրջափակուած ու ծովային ելք չունեցող երկիր, Արցախի հարցի քաղաքական լուծումի բացակայութիւն, հետզհետէ տարբերութիւններու շարունակական շեշտումով աշխարհացրիւ գաղութներու գոյութիւն, թրքահայութեան նորագոյն զարթօնք՝ գլխապտոյտ յառաջացնող գերիրապաշտ իր երեւոյթներով: Ենթադրելով նոյնիսկ, որ իւրաքանչիւր մասնիկ ինքնին ուժեղ է, ինչ որ անշուշտ ամէնուրեք իրականութեան չի համապատասխաներ, ապա այդ ուժերու իրական գումարը շատ աւելի նուազ է, քան համահայկական հզօրութեան թուաբանական օրէնքներով հաշւուած կարողականութիւնը: Ահաւասիկ ներկայ ճակատագրական հանգրուանին հայութեան ղեկավար ուղղութիւնը, այն է՝ հայկական ուժի եւ կարողականութեան համախմբումը՝ հայկական բռունցքը աւելի ազդեցիկ դարձնելու նպատակով: Ուժի աղբիւր է համահայկական հասարակութեան կազմութիւնը:

Այս եւ նոյնանման այլ ղեկավար ուղղութիւններու գիտակցութեան առկայութիւնը հասարակութիւնը կը պահէ առողջ մթնոլորտի մէջ, կը չէզոքացնէ անիմաստ ու անհեթեթ վէճերը՝  ստեղծելով ուժերու մէկտեղման ու նպատակասլաց գործածութեան ենթահողը եւ  միաժամանակ անկէ խնայելով թանկագին ժամանակ: Իսկ ամենէն կարեւորը՝ ամենէն դժուար ու բարդ աշխատանքը կը վերածուի հաճոյքի, ինչ որ նախապայման է կամաւոր ու անշահախնդիր աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ վախճանական յաջողութեան համար:

Այս իմաստով ուսանելի հիմնական օրինակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերնագիրն է, ուր համահայկական ճիգերու համախմբումին շնորհիւ համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ կարելի եղաւ հասնիլ շօշափելի արդիւնքի:

Վերնագիրները սակայն  բազմաթիւ են:  

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան,  06 Հոկտեմբեր  2015