Համազգայինը մեծապէս կը հաւատայ նոր սերունդին լաւագոյնը տալու եւ տարբեր ձեւերով զայն իր ազգին ու մշակոյթին կապելու կարեւորութեան: Ատկէ մեկնած, ան դիմած է ու կը շարունակէ դիմել նոր ձեւերու` միշտ աշխատելով քայլ պահել նորօրեայ զարգացումներուն հետ:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքը արդէն այս տարի կը թեւակոխէ իր 25-ամեակը, իսկ նախորդ տարի ընթացք առաւ Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը, մանուկները եւս ունին իրենց բաժինը` «Լալան ու Արան» խաղերուն ընդմէջէն:

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաք (Youthlinks Europe)

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը, երրորդը` իր տեսակին մէջ, կը համալրէ Համազգայինի երիտասարդական ծրագիրներու շարքը, առաջինը` Ուսանողական Հաւաքը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, երկրորդը` Artlinks Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին եւ երրորդը` Եւրոպայի ուսանողական հաւաք (youthlinks): Այս ծրագրին միջոցով, հայ երիտասարդը կը պեղէ իր ինքնութիւնը եւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին: Համազգայինի ուսանողական հաւաքի եւ Արթլինքսի մեծ յաջողութիւններէն ետք, 2018-ին կազմակերպեցինք Եւրոպայի երիտասարդական հաւաքը, ծրագիր մը, որ հայ երիտասարդութեան առիթ կ՛ընծայէ` իրենց նմանողներու հետ կապեր ստեղծելու, միասնաբար բացայայտելու իրենց հասարակաց հայկական ինքնութիւնը եւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ:

2018-ի օգոստոսին, առաջին անգամ ըլլալով,  Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ հաւաքը: Հաւաքի կեցութեան վայրն էր Մխիթարեան միաբանութեան Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը, եւ աշխատանոցները եւս տեղի կ՛ունենային այդ կեդրոնին

մէջ: Աշխատանոցներու իբրեւ վարիչներ հրաւիրուած էին` Վահէ Թաշճեան (Գերմանիայէն), Շաքէ Մէյճըր¬ Չիլինկիրեան (Անգլիայէն), Նայիրի Խաչատուրեան (Հայաստանէն), Վահան Քերովբեան (Փարիզէն), Մինաս Լուռեան (Իտալիայէն) եւ Պենետեթթա Քոնթին (Իտալիայէն):

Իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութենէն մեկնած` երիտասարդներուն ներկայացուց հայկական արուեստէն պատառիկներ, ինչպէս նաեւ` հայեցի ինքնութեան վերաբերեալ հարցեր: Այսպէս, Վահէն «Յուշամատեան» ծրագիրը ներկայացուց եւ երիտասարդներուն ընտանեկան պատմական նկարներէն մեկնելով` բացատրեց, թէ ինչպէս պատմաբան մը նկարներէն կրնայ գաղափարներ քաղել եւ այդպիսով պեղել անցեալը: Շաքէն ներկայացուց հայկական պարարուեստի իւրայատկութիւնները եւ քանի մը հայկական պարեր սորվեցուց ներկաներուն, որոնք առիթը ունեցան ձեռք ձեռքի պարելու: Նայիրին կոմիտասեան նրբաճաշակ մեղեդիներ սորվեցուց եւ ընդհանուր բացատրութիւններ տուաւ հայ երաժշտութեան մասին: Վահանը ներկայացուց «Մեծ պազար» հանրայայտ խումբը եւ անոր պատմականը, ինչպէս նաեւ ինքնութեան կերտումի աշխատանոց մը վարեց: Մինասը զեկուցեց իտալահայ համայնքի եւ Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի գործունէութեան մասին: Պենետեթան, որ իտալուհի մըն է եւ մասնագէտ` հայոց լեզուի եւ գրաբարի, հայերէնով ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան պատմութիւնը, մշակութային գործունէութիւնը եւ թանգարանը իր հարստութիւններով:

Թիւով 9 ուսանողները, աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած, շրջեցան Վենետիկի տեսարժան վայրերը եւ անմոռանալի պահեր անցուցին, ծանօթացան իրարու հետ, մնայուն կապեր հաստատեցին եւ, մէկ խօսքով, իրարմէ անծանօթ հայ երիտասարդները դարձան մտերիմներ:

Ահաւասիկ այս է Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին բուն նպատակը` աշխարհատարած հայ ուսանողներուն ի մի բերել, անոնց մէջ վառ պահել հայ ինքնութեան զգացումը, ծանօթութիւններ մշակել եւ, վերջապէս, ծանօթացնել հայ մշակոյթին:

Այս ձեռնարկը տարեկան բնոյթ պիտի ստանայ: 2019-ին ապրիլ 27-28-29 ին, դարձեալ Վենետիկի մէջ, պիտի կայանայ 2-րդ հաւաքը: Արդէն արձանագրուած են շուրջ 3 տասնեակ մասնակիցներ` աշխարհի զանազան երկիրներէն:

Այս տարուան աշխատանոցներու վարիչներն են` Վարդան Պետրոսեան, Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, Յասմիկ Շահինեան, Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեան, Հրակ Գարագաշեան եւ Մինաս Լուռեան:

Արձանագրութիւնները կը կատարուին առցանց` http://www.youthlinkseurope.org/register/

Համազգայինի ուսանողական հաւաք (Ֆորում)

2019-ը կը զուգադիպի Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 25-րդ ամեակին: 25 տարի շարունակ Համազգայինը առիթ ընծայած է 17-24 տարեկան հայ ուսանողներու` քով քովի գալ, ծանօթանալ իրարու հետ, ստեղծել նոր ընկերութիւններ, ծանօթանալ հայկական մշակոյթին, Հայաստանին եւ Արցախին:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (Ֆորումը) ծնունդ առաւ 1994-ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Հիմնական նպատակը հայ համալսարանական ուսանողներու կամրջումն էր: Այլ խօսքով ի մի հաւաքել հայ համալսարանականները հայկական մթնոլորտի մը մէջ, տալ անոնց` անցեալն ու ներկան, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն հետ` մեր բարդ իրականութիւնը, մշակոյթի արժէքներուն հետ զանոնք պահպանելու մտահոգութիւններն ու կարելիութիւնները, հայ երիտասարդին դիմագրաւած ընկերային եւ ազգային խնդիրները եւ, վերջապէս, հայ համալսարականին` հայութեան նկատմամբ իր պարտականութիւնները:

1994-2001 հաւաքը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ` իբրեւ սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէն մէկը: Կազմակերպիչները այն մտածումը ունեցան, որ սփիւռքահայ համալսարանականը մօտէն ծանօթանայ հայաշատ այս կեդրոնին եւ տեսնէ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւնը: Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, իր պատմական կարեւորութեամբ, երկու շաբթուան համար կրթական վայր մը եղաւ համալսարանականներուն համար: Այնտեղ Շանթի, Աղբալեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Կանաչեանի, Զարդարեանի կիսանդրիներու ներկայութեան ուսանողները անցեալը կամրջեցին ներկային հետ: Լիբանանի մէջ ուսանողները ամէն տարի այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը եւ վեհափառ հօր հետ ունեցան իրենց շահեկան զրոյցները: 2002 թուականէն սկսեալ հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Իսկ 2013-էն սկսեալ ծրագրին աւելցաւ Արցախ այցելութիւնը: Համալսարանականները մօտէն կը ծանօթանան հայրենիքի կեանքին: Կ՛այցելեն Էջմիածին, կը տեսնեն մշակութային կոթողներ, թանգարանները, Մատենադարանը եւ զանազան յուշարձաններ: Անոնք ներկայ կը գտնուին մշակութային ձեռնարկներու եւ գեղարուեստական ներկայացումներու: Հաւաքի ծրագրին մէջ իրենց իւրայատուկ տեղը ունին` Երեւանի պետական համալսարան այցը, Երեւանի ամերիկեան համալսարան այցը, Թումօ կեդրոն, Ծաղկաձորի ամառնային ճամբար Արցախի բանակ Արցախի խորհրդարան եւ այլ վայրերու այցելութիւնները:

Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն բազմաթիւ անուանի դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հաւաքի կրթական ծրագրին: Դասախօսներու նիւթերը կը կեդրոնանան հայոց պատմութեան, գրականութեան, մշակութային գանձերու, հայկական տոհմիկ սովորութիւններու, հայկական երգի եւ թատրոնի վրայ:

Գործունէութեան մաս կը կազմեն հայկական պարը եւ քանդակագործութիւնը:

Հաւաքի ամէնէն կարեւոր մասը աշխատանոց- զրոյցներն են, ուր այս անգամ իրենք` ուսանողները հարցերը կը քննեն` իրաւ կամրջում մը ստեղծելով սփիւռքի տարբեր շրջաններէն եկողներու եւ հայաստանաբնակ ուսանողներուն միջեւ:

Հաւաքը ներկայիս սքանչելի առիթ մը կը հանդիսանայ զանազան գաղութներէ ու հայրենիքէն ի մի խմբուած բազմաթիւ ուսանողներու` հանդիպելու իրարու, փոխանակելու իրենց փորձառութիւններն ու հմտութիւնները, մշակելու անխզելի կապեր եւ վայելելու անմոռանալի մշակութային պահեր: Կազմակերպիչ յանձնախումբը ի հարկին նիւթականով կ’օժանդակէ մասնակցող ուսանողներուն: Հաւաքը նաեւ կը ստեղծէ վարիչներ պատրաստելու միջավայր, ուր երիտասարդներուն պատասխանատու ղեկավարման պաշտօններ կը տրուին:

Դասախօսական նիւթերը ի հարկին կը թարգմանուին օտար լեզուներու, որպէսզի իւրաքանչիւր մասնակից, նոյնիսկ եթէ չի տիրապետեր հայերէնին, ծանօթանայ դասախօսութեան նիւթին:

2019-ի հաւաքը պիտի կայանայ 15-29 յուլիսին: Արձանագրութիւնները առցանց են http://hamazkayinforum.org/register/

Համազգայինի «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու նոր բաժանմունքը

Արդէն երեք տարիէ աւելի է, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը հաստատած է նոր բաժանմունք մը` «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու բաժանմունք անունով: Այսպիսով, Համազգայինը մուտք գործած է արդիական մանկական աշխարհին մէջ նորարարական միջոցներով եւ մանկավարժական մօտեցումներով մանուկներուն հայոց լեզուն սովորեցնելու նպատակով:

Պատրաստուած առաջինն էր` «Գոյներու աշխարհ» խաղը, որ կը պարունակէ 10 գոյներ, իւրաքանչիւրը` 4 խաղով, ընդամէնը` 40 խաղ: Աւելի ուշ` «Ձեւերու աշխարհ» խաղը. խաղցողը շոգեկառքով ճամբայ կ՛ելլէ եւ երկրաչափական 8 պատկերներուն կը ծանօթանայ եւ մէկ պատկերին խաղերը աւարտելէ ետք յաջորդ պատկերին ծանօթանալու կարելիութիւնը կ՛ունենայ: Դեկտեմբեր 2018-ին պատրաստուեցաւ «Գիրերու աշխարհը եւ նոր տարուան իբրեւ լաւագոյն նուէր տրամադրուեցաւ բոլոր մանուկներուն: «Գիրերու աշխարհ»*-ը կը ներկայացնէ մեր այբուբենի 38 գիրերը (փոքրագիր եւ գլխագիր), կ՛ուսուցանէ անոնց հնչիւնը, պատկերը, գրելու ձեւը, տառերու զանազանելը, կապակցելը եւ այլն:

Խաղերու հերոսներ ընտրուեցան` Լալան ու Արան, անոնք քոյր-եղբայր են, որոնք բոլոր խաղերուն ընթացքին կ՛ընկերակցին մանուկին եւ իրենց ուղղութիւններով կ՛օժանդակեան եւ ցուցմունքներ կու տան, ինչպէս նաեւ կը գնահատեն, երբ երեխան ճիշդ պատասխանին կը հասնի:

Իսկ եթէ պատահի, որ սխալի, առանց յուսահատութեան` «նորէն փորձէ» կ՛ըսեն Լալան ու Արան:

Խաղերը կ՛ընթանան համապատասխան մանկավարժական ընդունուած փուլերով: Կը զարգացնեն երեխաներուն լեզուական, տրամաբանելու, յիշողութեան եւ կեդրոնացումի կարողութիւնները, երեւակայելու եւ ստեղծագործելու, հետազօտելու եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ երեխային մէջ երաժշտական հետաքրքրութիւնը կ՛արթնցնեն:

Խաղը լաւագոյն միջոցներէն է երեխաներուն հայերէն սորվեցնելու, որովհետեւ ինչ որ խաղով կը տրուի երեխային, մեծ հաճոյքով կ՛ընդունուի:

Երեխան առանց ճնշումի եւ պարտադրանքի` խաղալով պիտի իւրացնէ իրեն մատուցուած գիտելիքները եւ պիտի սորվի հայերէն նոր բառեր:

Յատկանշական է, որ այս խաղերը կը մատուցուին թէ՛ արեւելահայերէնով եւ թէ՛ արեւմտահայերէնով ու անվճար կը տրամադրուին աշխարհի բոլոր մանուկներուն iOS եւ android գործիքներու վրայ, տեղադրուած` App Store-ի եւ Google Play-ի վրայ:

Խաղերը կը թարգմանուին նաեւ արաբերէնի, այժմ պատրաստ է «Ռանա ուա Ռամի Ալամ էլ Ալուան» խաղը: Այս մէկը վճարովի է: Արաբերէն թարգմանութեան ընթացքի մէջ է նաեւ «Ալամ էլ Աշքալ» խաղը:

Մանկավարժներու թելադրանքին անսալով` նոյն այս խմբակը պատրաստեց Լալայի ու Արայի արեւմտահայերէն խօսող պուպրիկը, որ մեծ տարածում գտաւ ամբողջ աշխարհի հայ մանուկներուն մօտ: Անոնք կը պատրաստուին Հայաստանի «Մանկան» գործարանին մէջ: Պատրաստուած են նաեւ` պայուսակ, գրչատուփ, պիտակ, որմազդ, շապիկներ, վերարկուներ, եւ այս բոլորը կը կրեն Լալայի ու Արայի պատկերները: Այս առարկաները կը վաճառուին զանազան գաղութներու Համազգայինի կեդրոններուն մէջ: Նպատակն է հայ մանուկին հրամցնել հայկական ինքնութեամբ հերոսներ իրենց առարկաներով, այս հերոսները կը դառնան մեր մանուկներուն մնայուն ընկերակիցն ու խաղակիցը:

Այս խմբակին նախաձեռնութիւններէն է նաեւ մանկական արդի ձեռագիր տառատեսակի ստեղծումը, որ տեղադրուած է Համազգայինի մայր կայքէջի վրայ եւ կարելի է անվճար ներբեռնել https://hamazkayin.com/arti/

«Լալան ու Արան» ծրագիրը ունի իր յատուկ կայքէջը` www.lalanouaran.com եւ ֆէյսպուքի եւ ինսթակրամի իր էջերը: Նշենք նաեւ, որ ֆէյսպուքի վրայ աւելի քան 10.700 հետեւորդ ունի, իսկ խաղերը ներբեռնուած են աւելի քան 15.000 անձերու կողմէ:

ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ