Neshan Panadjian DjemaranՀամազգային ընկերութեան ծրագրին մէջ կրթական-դպրոցական բաժինը հիմնական տեղ ունէր: Ընկերութեան հիմնադրութենէն հազիւ երկու տարի անցած, 3 Մարտ 1930ին, Պէյրութի Քանթարի փողոցի վարձու շէնքի մը մէջ կը բացուէր Հայ Ճեմարանը, 15 աշակերտներով: 1930ի աշնան վերամուտին, աշակերտութեան թիւը կը հասնէր 63ի:

Հայ Ճեմարանին նպատակն էր հայ նորահաս սերունդներուն տալ ընդհանուր կրթութիւն, բայց մանաւանդ հայեցի դաստիարակութիւն, ջամբել ազգային առողջ ոգի, վառ պահել աշակերտներու հոգիներուն մէջ հայ լեզուի եւ մշակոյթի սէրը, զանոնք ծանօթ ու հաղորդակից դարձնել հայ արժէքներուն, պատրաստել գիտակից ու որակաւոր հայ մտաւորականներ, յանձնառու եւ նուիրեալ մարդիկ:

Նորաբաց դպրոցին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Լեւոն Շանթ, իրեն անմիջական գործակից ունենալով Նիկոլ Աղբալեանը: Տնօրէնութեան կ°օժանդակէ նաեւ Գասպար Իփէկեան:

Norsigian KindergartenՃեմարանը Քանթարի փողոցէն շուտով կը փոխադրուի Ուատի Ապու Ճէմիլ փողոց, աւելի ընդարձակ ու յարմարաւէտ շէնք մը, մինչեւ որ կարելի կ՛ըլլայ գնել, Փալանճեան քոյրերու նուիրատուութեան եւ Ամերիկայէն հանգանակուած գումարներու շնորհիւ, Զոքաք էլ Պլաթի կալուածը, որուն հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի 1950 Յունիսին: Հայ Ճեմարանը այնուհետեւ պաշտօնապէս կը կոչուի Նշան Փալանճեան Ճեմարան:

Լեւոն Շանթի մահէն ետք 1951¤ տնօրէնի պաշտօնին կը կոչուի Սիմոն Վրացեան, որուն կ°օժանդակեն, իբրեւ փոխ-տնօրէններ, Մուշեղ Իշխան եւ Գառնիկ Բանեան: Կը կառուցուին Ճեմարանի թիւ 2 ¥1953ին¤ եւ թիւ 3 1957ին¤ շէնքերը:

Սիմոն Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968ի աշնան տնօրէն կը նշանակուի Հրաչ Տասնապետեան Սիմոն Վրացեան մահացաւ 21 Մայիս 1969ին¤: Երեք շէնքերուն վրայ յաւելեալ յարկեր կը կառուցուին գոհացում տալու համար աշակերտութեան աճող թիւին:

1974-75 տարեշրջանին Ճեմարանի աշակերտութիւնը անցած էր 1000ի սահմանագիծը ու հակառակ կատարուած կառուցումներուն ու յաւելումներուն, տեղը նեղ կու գար: Այս պայմաններուն տակ էր, որ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց դպրոցական նոր համալիր մը կառուցել եւ այդ նպատակով գնեց ընդարձակ կալուած մը Մզհերի մէջ:

Վրայ հասաւ Լիբանանեան ներքին պատերազմը, որուն այլազան հանգրուաններուն՝ Ճեմարանը ունեցաւ բազմաթիւ վերիվայրումներ, դարձաւ երկճիւղ, բազմամարդ բաժիններ հաստատեց երկու տարի Տպպայայի Կենաց Վարժարանի հիւրընկալ շէնքին մէջ եւ ութ տարի՝ Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան կեդրոնին մէջ, որ հետզհետէ վերածուեցաւ 6 յարկանի դպրոցական շէնքի մը:

M&H Arslanian Djemaran1968ին ձեռնարկուեցաւ Մըզհերի շէնքերու կառուցման: Շնորհիւ Մելանքթոն Արսլանեանի եւ անոր մահէն ետքէ եղբօրը՝ Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ու այլ երկիրներէ ¥յատկապէս Քուէյթ եւ Ծոցի երկիրներ¤ կատարուած նուիրատուութիւններուն, կառուցուեցան դպրոցական շէնքի առաջին եւ երկրորդ մասնաբաժինները: Նորսիկեան մանկապարտէզը կառուցուեցաւ շնորհիւ Նորսիկեանի կտակին: Կառուցուող կառատունը եւ փակ մարզադաշտը, Կարպիս Հարպոյեանի բարերարութեամբ, մնաց կիսաւարտ վիճակի մէջ:

Ճեմարանը իր նոր շէնքը փոխադրուեցաւ 1987ին, մինչ պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենար 1988ի աշնան:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ տակաւին շարունակուող փոքրաթիւ մանկապարտէզն ու նախակրթարանը եւս 2001-ին փոխադրուեցան Մըզհեր ու այս ձեւով Ճեմարանը իր բոլոր բաժիններով ամփոփուեցաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի շէնքերուն մէջ:

Ներկայիս, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը լման երկրորդական վարժարան է, հետեւեալ բաժանմունքներով.-
ա¤ Մանկամսուրը, 1էն 3 տարեկան փոքրիկներու համար,
բ¤ Նորսիկեան եռամեայ մանկապարտէզը,
գ¤ Բուն դպրոցը, իր տարրական, նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններով:

Թ. դասարանի աշակերտները կը ներկայանան Լիբանանեան Պրըւէի քննութիւններուն, որուն յաջողութիւնը պայման է երկրորդական բաժին փոխադրուելու համար: Երկրորդական բաժնի աւարտական դասարաններու աշակերտները կը ներկայանան ֆրանսական եւ լիբանանեան պաքալորէաներուն: Պետական բոլոր քննութիւններուն, Ճեմարանի աշակերտները կ°ապահովեն փայլուն արդիւնքներ:

Հայ կեանքի մէջ թէ այլապէս անուն վաստակած բազմաթիւ մտաւորականներ, ուսուցիչներ եւ գործիչներ Ճեմարանի շրջանաւարտներ են:

Norsigian Kindergarten

Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք (Ապրիլ 2001), Ճեմարանի տնօրէնութիւնը որոշ ժամանակ կը վստահուի եռանդամ տնօրէն խորհուրդի մը։ 2001-էն սկսեալ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ Տիգրան Ճինպաշեան, որ 2016-ին հանգստեան կը կոչուի: 2016-2017 տարեշրջանին տնօրէն կը նշանակուի Փաուլա Եղիայեան: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ նշանակուած խնամակալ մարմին մը կը վերահսկէ Ճեմարանի ուսումնական, կրթական, վարչական եւ տնտեսական աշխատանքները։

Այսօր Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600-ի:

 

Կայքէջ՝ www.djemaran.edu.lb