hayakidagan_logo1970ական թուականներուն, Լիբանանի թէ արտասահմանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ, զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած՝ Գարեգին եպս. Սարգիսեանէ, Վահէ Սէթեանէ, Հրաչ Տասնապետեանէ, Շաւարշ Թորիկեանէ, Վահէ Օշականէ եւ Երուանդ Փամպուքեանէ:

Յիշեալ յանձնախումբին պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգային Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:

Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին անապահովութեան պատճառով:

1979ին վերակազմուեցաւ հիմնարկին առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներու հունձք մը, որ ամբողջացուցած էր հիմնարկին քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:

2002-2003 կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը տուաւ իր 21րդ հունձքը, շրջանաւարտներուն թիւը բարձրացնելով 146ի:

1974ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգին մէջ եղաւ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդուժ մը, որ այսօր կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, կը վարէ ազգային զանազան կառոյցներու տնօրէնութեան թէ գործավարութեան պաշտօնները, Լիբանանի մէջ թէ այլուր:

Կրթական ծրագիրի իւրայատկութիւնը կը դժուարացնէր համապատասխան մասնագիտութեան տէր դասախօսներ գտնելու աշխատանքը, որովհետեւ շարք մը դասանիւթեր արտերկրեան պայմաններուն մէջ առաջին անգամ իբրեւ ակադեմական դասընթացք պիտի մշակուէին ու աւանդուէին: Լիբանանի մտաւորականութեան շօշափելի համեմատութիւն մը մաս կազմեց Հայագիտական Հիմնարկի դասախօսական կազմին եւ ձեռնհասօրէն բերաւ իր օժանդակութիւնը:

Նիւթական սահմանափակ կարելիութիւնները չնպաստեցին, որ Հիմնարկը Լիբանանէն դուրս ապրող, համապատասխան մասնագիտութիւն ունեցող դասախօսներ պաշտօնի կոչէ:

Հայագիտական Հիմնարկի յիշատակելի թուականներէն մէկը եղաւ եղաւ 27 Յունիս 1991ը, երբ Հիմնարկին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ կնքուեցաւ ուսումնագիտական համաձայնագիր մը, որուն շնորհիւ Հայաստանի պետութիւնը ճանչցաւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը իբրեւ հայագիտական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն եւ ապա զայն առաւ իր հովանաւորութեան տակ:

Զոյգ հաստատութիւններու միջեւ ստեղծուած գործակցութեան արդիւնք, Հիմնարկէն ներս 12 մասնագէտ հայրենի դասախօսներ դասաւանդեցին գրականութիւն ու պատմագիտութիւն: Տեղի ունեցան գրական ու հրատարակչական բնոյթի փոխանակումներ: Պատրաստուեցաւ Միջնակարգի Ա. տարուան Հայոց Պատմութեան դասագիրքը: Ուսանողական մակարդակի վրայ՝ կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ աւելի քան երեսուն ուսանողներու մասնագիտական իրենց ուսումը ամբողջացնելու Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս:

Զոյգ հաստատութիւններուն միջեւ հնգամեայ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք, 4 Դեկտեմբեր 1996ին վերանորոգուեցաւ համաձայնագիրը պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին:

Սփիւռքեան այլասերող հոսանքներուն դէմ թիավարող Հիմնարկը, մեկնած նոր օրերուն պահանջներէն, իրագործեց նաեւ ուսուցիչներու որակաւորման դասընթացքներ, հայ լեզուի այլազան մակարդակներու խորացման աշխատանքներ, 2003-2004 տարեշրջանէն սկսեալ:

Նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը 2005ին դադրեցաւ գործելէ: