Բարձրագոյն կրթութիւնը սkaspar-ipegianտանալէ ետք, կը հաստատուի Գահիրէ, ուր կը զբաղի առեւտուրով: Համազգայինի հիմնադիր ղեկավարներէն մէկը, որպէս տաղանդաւոր դերուսոյց, բեմադրիչ եւ դերասան, Գ. Իփէկեան թատերական մարզին մէջ անվիճելի հեղինակութիւն մըն էր: Ամբողջ քառորդ դար Թիֆլիսի, Պոլսոյ, Թեհրանի, Պաղտատի եւ Եգիպտոսի մէջ եղած է թատերական որոշ «խլրտում»ներու դրդիչը, առաջնորդը: Ուր որ զարկած է «վրան»ը, հոն վառած է թատրոնի կախարդիչ բոցը ու իր շուրջը հաւաքած ու ոգեւորած թատերասէրներ: Թատերական բարձր արուեստի տեսակ մը «քարոզիչ»ը եղած է ան առաքեալի մը յատուկ խոր հաւատքովն ու նուիրումովը:

Համազգայինի Ճեմարանի հիմնադրութենէն անմիջապէս տարի մը ետք, Պէյրութի մէջ հիմը կը դնէ հայ թատրոնին, բեմադրելով Լ. Շանթի «Օշին Պայլ»ը:

Հեղինակն է նաեւ «Արա եւ Շամիրամ» թատերախաղին, ինչպէս նաեւ յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին պատրաստած է Համազգայինի «Օրացոյց-տարեգիրք»ը, որուն մասին Պոլսոյ Պատրիարք՝ Թորգոմ արքեպիսկոպոս կը գրէ հետեւեալը.- «Գեղեցիկ է իբրեւ ձեռնարկ եւ օգտակար իբրեւ հրատարակութիւն: Մարդ ամէն օր հետաքրքրական էջի մը առջեւ կը գտնէ հոն ինքզինքը, եւ այդ էջը կամ գրական վայելք մըն է, կա’մ շահեկան տեղեկութիւն մը եւ կամ շինիչ դաս մը ու այդ ամէնը միշտ ազգային ոգւով քաղցրօրէն թափանցուած: Կ’արժէ որ ամէն տարի շարունակուի»: (20 Յունուար 1939)

Գասպար Իփէկեան կը մահանայ 1952-ին: