Հայաստան աշխարհի պետականութեան վերականգնումի ( 1918-ի անկախութեան) տասնամեակը կը նշուէր հայրենիքէն հեռու, Եգիպտոսի մէջ: Սոյն պետականութեան հիմնադիրներ եւ պատասխանատուներ եւ այլ պատասխանատու մարդիկ, չեմ գիտեր թէ ի՞նչ հանդիսութիւն(ներ) կազմակերպած էին իրենց վրայ պարտադրուած աքսորավայրին մէջ: Վստահաբար հանդիսութիւն(ներ)ը անցած էր շատ յաջող: Հայրենիքի կարօտով եւ հպարտութամբ ելոյթ ունեցած էին այդ արի այրերը: Այդ հանդիսութեան(ց) աւարտը, ինչպէս ընդհանրապէս կը պատահի, պարզապէս վերջ մը չէր, այլ՝ նո°ր սկիզբ մը:

Լեւոն Շանթ, Համօ Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշ մեծութիւններ, սփիւռքացեալ այդ կացութեան մէջ, Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան ծանուցումովը, կը ստեղծէին այնպիսի զէնք մը, որ լաւագոյնն էր հայուն ինքնութիւնը պահելու եւ զարգացնելու համար, Սփիւռքի ցրուածութեան եւ մաշեցնող մթնոլորտին մէջ :

Քաղաքական եւ մտաւորական մարդիկ, ականջալուր իրենց պատկանած մեծ կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ-ի ոգիին եւ հոգիի ձայնին, ա°յդ քայլին կը դիմէին: Արդարեւ, ՀՅԴ¬ն ըլլալով յեղափոխական եւ քաղաքական կուսակցութիւն՝ միեւնոյն ատեն հովանաւորողն էր ու պաշտպանը հայ մշակոյթին: Մինչ մէկ կողմէ զէնք կու տար Անդրանիկներու, Գ. Չաւուշներու, Աղբիւր Սերոբներու եւ բիւրաւոր մեծ թէ համեստ ֆետայիներու ձեռքերուն՝ հայուն իրաւունքն ու գոյութիւնը պաշտպանելու համար, միւս կողմէ՝ կը հովանաւորէր Դ. Վարուժաններ, Սիամանթոներ, Ա. Ահարոնեաններ, Ռ. Զարդարեաններ եւ շատ ուրիշներ, որոնք կը հիւսէին հայուն տառապանքը, մարտնչումը, փառքը եւ գալիքի երազները: Երկաթ զէնքին հետ, ան կը հաւատար մշակոյթի, հոգիի զէնքի անհրաժեշտութեան:

Ականջալուր ՀՅԴ¬ի էութեան, ոգիին, անոր արի եւ տեսիլքի տէր այրերէն խումբ մը, ահաւասի°կ, կը հիմնէր Համազգայինը: Իսկ ո՞վ եղած էր այս գաղափարը յղացող առաջին անհատը: Չեմ գիտեր: Բայց կը կարծեմ, որ խոնարհ ու հեզ հոգիով այն այրը, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր, տակաւին սովի եւ համաճարակներու քմայքին ենթակայ, նորանկախ Հայաստանի մէջ համալսարան հիմնելու. ա°նոր (Աղբալեանի) մտքի պտուղը կրնար ըլլալ, շատ հաւանաբար, Համազգայինի ծնունդը… Յամենայն դէպս, Աղբալեան¬Շանթ երկեակը պիտի դառնար որոշումը գործի վերածող գլխաւոր առանցքը: Ցմահ անոր կապուած պիտի մնային:

Հարցում մը կը ծագի: Այդ մեծ այրերը կþերեւակայէի՞ն արդեօք, որ Գահիրէի մէջ իրենց սկսած շարժումը այսքա°ն հսկայ ծաւալ եւ որակ պիտի ստանար: Կրնայի՞ն երեւակայել, որ օր մը նոյն այդ կազմակերպութիւնը պիտի վերադառնար հոն, Հայրենիք, իր բաժինը բերելու համար հայրենի մշակոյթի վերելքին: Չենք կրնար հաստատ բան ըսել, բայց եւ այնպէս երազներուն ո՞վ կրնայ կապանք կամ սահման դնել…

Շուտով Լիբանանը իրեն համար կեդրոն ընտրած կազմակերպութիւնը այսօր ներկայութիւն է մէն մի երկրի մէջ, ուր խումբ մը հաւատաւոր հայեր կը շնչեն: Ան կը հոգայ մշակութային եւ կրթական կարիքներ աշխարհասփիւռ հայ զանգուածներու:

Պահ մը կը տարուիմ մտածելով, որ եթէ չըլլար Համազգայինը, ի՞նչ պատկեր կամ կերպարանք պիտի ստանար արդեօք հայրենիքէն հեռուները սփռուած հայութիւնը: Անպայման որ պիտի գտնուէին մշակութային գործունէութիւններ, թատրոն, երգչախումբ, կրթական հաստատութիւններ, հրատարակչատուներ եւ այլն: Բայց կը կասկածիմ, որ այսքան մեծ թափ ստացած ըլլար մշակութային գործունէութիւնը հանուր Սփիւռքի մէջ, առանց Համազգայինի:

Առանձնացնելով Լիբանանի պարագան, ինչպէ՞ս չյիշել, որ.

¬ Գոյութիւն պիտի չունենար Ճեմարանին պէս հսկայ կրթական հաստատութիւնը:

¬ Պիտի չունենայինք «Վահէ Սէթեան» հրատարակչական տունը, որ յատկապէս վերջին տարիներուն մեծ թափ տուած է իր գործունէութեան:

¬ Ունեցած պիտի չըլլայինք «Գ. Իփէկեան» թատերախումբ, որ ասպարէզ հանեց մեծութիւններ. մեծցաւ եւ մեծցուց: Ամէն գարնան Պէյրութի սրտին վրայ, շաբաթներով եւ նոյնի°սկ ամիսներով, հայութիւնը մէկտեղեց, մեծ ու նուազ մեծ թատերախաղեր բեմադրելով: Անձամբ կը յիշեմ «Կրան Թէադր»ի բեմին վրայ բեմադրուած «Հին աստուածներ», «Սմբատ Բ.» եւ «Գ. Նարեկացի», «Ոսկի Աքաղաղ» եւ այլ թատերախաղեր, որոնք հսկայական աշխատանքի եւ նուիրումի արգասիքն էին:

Պիտի չունենայինք «Գուսան» երգչախումբ, որ Կոմիտասի արժանաւորագոյն աշակերտ Բ. Կանաչեանի ճպոտին տակ հայ երգը պիտի հնչեցնէր Լիբանանի եւ զանազան երկիրներու մէջ: Ի դէպ, այս երգչախումբին 75¬ամեակն է այս տարի: Ողջունելի է, որ որոշ ընդմիջումներէ ետք, այսօր կրկին ոտքի վրայ է:

Հապա՞ «Քնար» պարախումբը, Աբրահամեան ամոլին անսակարկ նուիրումին պտուղը, իր ստեղծած խանդավառութեան այնքան հսկայ ալիքներով կառոյցը: Պարախումբ, որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ամենա¯յն խանդավառութեամբ:

Դեռ հարիւրաւոր անուններ, որոնք սատարեցին այս գաղութին ծաղկումին: Ոմանք ջահը տարին Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ: Անուններ, որոնք մեծցան Համազգային հովանիին տակ ու մեծցուցին այս հրաշալի կազմակերպութիւնը: Պարզապէս բաւ պիտի ըլլար յիշել անունները՝ Շանթերու, Աղբալեաններու, Գ. Իփէկեաններու, Ժորժ Սարգիսեաններու, Շահապեաններու, Զ. Շանթերու, Լիպարիտեան Արփիի, Արարատեան Խաչիկի, Խտըշեան Վարուժանի, Փափազեան Բաբգէնի… Եւ դեռ՝ շարքին սկիզբն է սա միայն…:

Դեռ՝ «Բագին»ը գլխաւորած Կ. Սասունի, Պ. Սնապեան, Ե. Պոյաճեան: Հարիւրաւոր սկսնակ թէ փորձ ունեցած գրողներու բեմը՝ «Բագին»ը, ունեցած պիտի չըլլայինք առանց Համազգայինի: Սփիւռքի գրականութիւնը շատ նսեմ բան մը պիտի ըլլար անցնող քառասնամեակին:

«Լ. Շանթ» մշակութային շէնք երազած եւ իրականացուցած հոյլին՝ Գ. Շահինեանի, Զ. Թորիկեանի եւ շատ ուրիշներ…

Ճեմարան՝ Լ. Շանթ, Ս. Վրացեան, Հ. Տասնապետեան: Այս տնօրէններուն եւ իրենց կողքին կանգնած ուսուցիչներու տաք շունչին տակ դաստիարակուած հազարաւոր հայորդիներու հսկայ փաղանգը՝ Ճեմարանի յարկին տակ…

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոց եւ «Թ. Ռոսլին» ակադեմիա… հիմնուած Լիբանանի քանդիչ պատերազմին մէջ…

Հակառակ ներկայի անապահովութեան եւ քանդումի մթնոլորտին՝ Համազգայինի կառոյցները կը բանին: Մեծերու թատրոն, պարախումբ, երգչախումբ: Ասոնց կողքին, նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան սիրոյն, մանկական պարախումբ, մանկական¬պատանեկան երգչախումբ. մանկական թատրոն, երիտասարդական թատերախումբ… եւ, եւ, եւ, շարքը երկար է միաւորներու եւ կառոյցներու… Մանկականն ու պատանեկանը անհրաժեշտ են՝ միշտ շարունակականութիւնը պահելու, ջահը փոխանցելու համար: Այս պատանի¬երիտասարդները մշակոյթի ճամբով (իւրաքանչիւրը իր սիրած մարզին մէջ) հեռու պահելը մոլորութենէ եւ մոլութիւններէ՝ մեծ ներդրում է…

Լիբանանի մէջ Համազգայինի նուիրեալներուն եւ իրագործած ձեռնարկներուն եւ այդ իրագործումները գլուխ հանողներուն ցանկագրումը միայն կրնայ բաւական հաստափոր հատոր մը լեցնել…

Վա°րձքը կատար բոլոր, մեծ թէ փոքր նուիրեալներուն… Բեմադրիչէն մինչեւ վարագոյր բացող գոցող. տնօրէնէն մինչեւ համեստ ուսուցիչին եւ «մայրիկ»ին կամ «հայրիկ»ին, ատենապետէն մինչեւ տարազները պահող բծախնդիր «խենթ»ին, խմբավարէն մինչեւ յետին երգողը կամ նոյնիսկ «սենտուիչ» փաթթողը… Բոլո°րն ալ ունին իրենց տեղը, բաժինը եւ վաստակը՝ մէն մի միաւորի կամ ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:

Դեռ պէտք չէ մոռնալ հազարաւոր դասախօսութիւններ, գիրքերու քննարկումներ կամ շնորհահանդէսներ, հանդիպումներ, նոյնիսկ՝ հարկադրաբար սարքուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսները, որոնք եթէ որոշ եկամուտ կþապահովեն, կրթական¬մշակութային գործունէութեանց համար, միւս կողմէ՝ հսկայական աշխատանք եւ վազվզուք կþենթադրեն…

Թող թոյլ տրուի շրջանայինի մակարդակէն անցնիլ մասնաճիւղի մակարդակ: Քանի մը խօսք չեմ կրնար չըսել Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին մասին, որուն մաս կը կազմեմ, եւ որ կը մօտենայ իր հիմնադրութեան 40¬ամեակին…

Պեքաայի մէջ հաստատուած այս բացառիկ աւանին մէջ, անցնող 37 տարիներուն ընթացքին, Համազգայինը խաղացած է նախախնամական դեր: Իր աշխարհագրական դիրքը մղած է զինք, ընդհանուր առմամբ, շրջանային կազմակերպութեան մը չափ գործունէութիւն տանելու…

«Լուսարձակ 40» թատերախումբ, «Կոմիտաս» պարախումբ, ապա՝ «Կոմիտաս» երգչախումբ, «Կաքաւիկ» երգչախումբ. բոլորն ալ չեն բաւարարուած Այնճարի, նոյնիսկ Պեքաայի լայնածաւալ, սահմաններով: Հայ արուեստը, յատկապէս պարն ու երգը, հրամցուցած են զանազան բեմերու վրայ: Դամասկոս, Քեսապ, Պէյրութ, Կիպրոս, մանաւա°նդ՝ անկախ Հայաստան եւ Արցախ…

Շատ իրագործումներ կան արձանագրուած այս մասնաճիւղին տարեգրութեան մէջ: Ինծի համար կարգ մը պատկերներ միշտ կը մնան աչքերուս դիմաց: Մեծ թիւով հիւրեր, յատկապէս հայրենիքէն, իրենց ներկայութեամբը Համազգայինի յարկին տակ, խանդավառած են մշակութասէր հայրենակիցները: Իրենց կարգին, ի°րենք եւս մեծապէս խանդավառուած են… Ինչպէ՞ս մոռնալ, օրինակ, Սերօ Խանզադեանը, որ ակումբի շրջափակին մէջ, շուրջպարի հսկայ շրջանակին մէջ, թմբուկին եւ զուռնայի կշռոյթին տակ, մենապարի դիրքին վրայ…

Կամ՝ ինչպէ՞ս մոռնալ 1974¬ի աշնան Համազգայինի հիւր Արամ Հայկազի այցը: Ամբողջ ժողովուրդը, հրապարակին վրայ, այնքան ջերմութեամբ կþընդունէր Քիւրտիստանի լեռներէն փրկուած երբեմնի պատանին, որ արդէն իսկ որպէս վաստակաւոր գրող, գիւղ կը ժամանէր: Փառահեղ ընդունելութենէն որքա¯ն հիացում եւ յուզում կար մարդուն աչքերուն մէջ…

Ինծի համար անմոռանալի պիտի մնայ այլ պահ մը եւս: Քանի մը տարի առաջ, ձմեռ օրով, մասնաճիւղին «Կոմիտաս» երգչախումբը կը մասնակցէր լիբանանեան երգչախումբերու մրցանքի մը, հեռաւոր Թրիփոլիի մէջ: Բեմ կը բարձրանային զանազան շրջաններէ երգչախումբեր: Իւրաքանչիւրը կþարժանանար առաւելաբար իր համակիրներուն բուռն ծափահարութեան: Իսկ ի՞նչ աստիճանի պիտի ըլլար մեր երգչախումբին ստանալիք ծափահարութեան, գնահատանքին տարողութիւնը: Ճիշդ է, որ բաւական թիւով հայրենակիցներ, Այնճարէն եւ Պէյրութէն, փութացած էին մեծ հանդիսասրահը, բայց, տակաւին, անոնց թիւը այնքան ալ մեծ չէր ծափահարութեամբ մթնոլորտը ջերմացնելու համար: Բայց, այս անգամ, թրիփոլիցիներու եւ այլ ունկնդիրներու միահամուռ ծափահարութիւնը կը մատուցանէր արժանին, մրցանքին մասնակից հայկական միակ երգչախումբին:

Տակաւին, երբ ժողովրդային քուէարկութիւն կը կատարուէր, ինծի համար ե°ւ յուսադրիչ, ե°ւ յուզիչ բան էր տեսնել արաբ ունկնդիրներ, որոնք կը պոռային եւ կը փնտռէին «Կոմիտաս»ի սնտուկը (ուէ՞յն Կոմիտաս, ուէ՞յն սանտուք Կոմիտաս) իրենց քուէն մէջը ձգելու համար…

Մարդիկ յանձն կþառնէին լսել Կոմիտաս եւ Կանաչեան ու կþարբենային: Արաբ ունկնդիրներ նոյնիսկ Կանաչեանի «Նանոր»ը ըմբոշխնելու չափ յառաջ պիտի երթային: Իսկ Կոմիտաս երգչախումբի մատուցած քառաձայն մշակուած արաբերէն երգերը նորութիւն էին իրենց՝ արա°բ ունկնդիրներուն համար: Իրենք իրենց երգերով նոր հպարտութիւն կþապրէին՝ շնորհիւ «Կոմիտաս» երգչախումբին եւ անոր ղեկավար Պարգեւ Թասլագեանին…

Նոյնիսկ միջարաբական երկիրներու երգչախումբերու մրցոյթին, դարձեալ նոյն՝ Թրիփոլիի Ռ. Քարամէի անուան ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ, «Կոմիտաս» նորէն պիտի հանդիսանար առաջին: Ոչ միայն այդքան. Արաբական լիկայի մշակութային մարմինի ներկայացուցիչը իր անխառն շնորհաւորութիւնները պիտի ներկայացնէր բեմին մօտենալով երգի աւարտէն իսկ առաջ: Վերջ ի վերջոյ, «Կոմիտաս» մատուցած էր արաբական կարգ մը երգեր՝ բոլորովին նոր տարազով եւ բա¯րձր արուեստով…

Հոն, ուր որ ափ մը հայութիւն կայ, Համազգայինը ջանացած է հայ մշակոյթով սնուցանել զայն՝ ի փառս նոյնինքն հայութեան եւ արուեստին…

Կը մնայ մաղթել, որ Համազգայինը 80¬ամեակի ներկայ հանգրուանին՝ աւելի մեծ թափով բանի, Սփիւռքի եւ մանաւանդ հայրենիքի մէջ, եւ պատրաստուի աւելի° պայծառ ճակատով դիմաւորելու համար 100¬ամեակը…

Այսօր Սփիւռքը դարձած է շատ աւելի մաշեցնող ու հալեցնող: Համազգայինի գոյութիւնը այսօր շա°տ աւելի մեծ է…

Մինչ այդ, վա°րձքը կատար այս մեծ միութիւնը ստեղծած եւ անոր շնորհիւ հսկայական նուաճումներ իրականացուցած բոլոր, մեծ թէ փոքր, բոլո¯ր նուիրեալներուն…

ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ