ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ կրթական եւ մշակութային միութեան ութսունամեակն է: Քսան տարի առաջ, վաթսունամեակի առիթով, կը գրէի որ միութեան մը կամ կազմակերպութեան մը տարիքը հիմ չի կրնար ծառայել գնահատումներու: Բազմաթիւ այլ միութիւններ կան որոնք հաւանօրէն աւելի տասնամեակներ կրնան հաշուել: Բայց ընկալեալ սովորութիւն է կլոր թուականներու առջեւ կանգ առնել եւ դառնալ դէպի ժողովուրդը, հաշուետուութիւն ընել, լսել մանաւանդ, լսուիլ, առանց բաւարարուելու մանր քաղքենիական գովերգութիւններով, այլ խօսքով, կատարուածի կողքին ըսել նաեւ թէ ինչ կարելի էր ընել եւ չէ եղած, ինչ պէտք է ընել, եւ մանաւանդ` ինչո՞ւ:

Հակառակ կարգ մը աժան հաստատումներու, մշակոյթը ըլլալով հանդերձ համամարդկային ժառանգութիւն, էապէս ազգային ենթահողի վրայ կը ծնի եւ կը զարգանայ, կը նուաճէ համամարդկային արժէք եթէ ունենայ ոգի եւ որակ: Մշակութային պիտակով ներկայացող թափահարումները, աղմուկը եւ տօնախմբութիւններու հրավառութիւնները չեն նպաստեր մշակոյթի զարգացման, ընդհակառակն, զայն կը վերածեն ամբոխային տրամադրութիւններու հասարակ կերի: Այսպէս, չափանիշ կը դարձնենք «ներկաներու տպաւորիչ համրանքը», փոխանակ գնահատումը ընելու հրամցուածի որակին: Այս տեսակէտէն յատկանշական է «օտարագիր» հայածնունդներու ստեղծագործութեան շուրջ ստեղծուող աղմուկը… երբ մշակոյթը կը շփոթուի հասարակ քարոզչութեան հետ, կամ կը ծառայէ գաղթականի դեռ տեւող բարդոյթներ դարմանելու:

Համազգայինի պատասխանատուները, եւ ընդհանրապէս մշակոյթի գործիչները – գրողներ, արուեստագէտներ, հրապարակագիրներ, ուսուցիչներ -, անմիջականի գերութենէն պահ մը ձերբազատուելով, քանի մը հիմնական հարցեր պարտին յստակացնել եւ այդ յստակացումէն բխած եզրակացութիւններու լոյսին տակ հետեւիլ մշակութային քաղաքականութեան ,- այս բառին ազնիւ եւ ազնուական ըմբռնումով -, ունենալ նախաձեռնութիւններ` որոնք չըլլան միայն տարեվերջի տեղեկագիրի մը նիւթ: Այսինքն, մշակոյթը պատահական երեւոյթ մը չէ, պատահականութիւններով ոչ մշակութային ենթահող կը պատրաստուի եւ ոչ ալ մշակոյթ կը զարգանայ: Ի մտի պէտք է ունենալ այն պարզ տուեալը որ թագաւորութիւններ եւ կայսրութիւններ եկած ու գացած են, ժողովուրդներ ապրած են օտարի տիրապետութեան տակ, բայց մնացած է մշակոյթը, անոնք տեւած են մշակոյթով: Հայութեան պարագան յատկանշական է. տեւած ենք լեզուով եւ մշակոյթով, երբ դարեր շարունակ պետութիւն չենք ունեցած, ենթակայ եղած ենք օտարներու բազմատեսակ տիրապետութիւններուն:

Մեկնելով այս հաստատումներէն, անհրաժեշտ է պարզաբանել սփիւռքեան կացութիւնը եւ Սփիւռքի գոյատեւման առընչուող խնդիրները, առաջին հերթին` ազգի համրանքի աւելի քան կէսի որպէս ազգի հատուած գոյութիւնը: Գաղտնիք չէ, մտածողներ եւ ըսողներ կան որ Սփիւռքը դատապարտուած է կորսուելու: Այս գոյութենական խնդրին նկատմամբ լուրջ վերաբերում երբեք չենք ունեցած: Այս մասին կը խօսուի երբ հայերէնի ուղղագրութեան վերականգնման գծով արտայայտութիւններ կ’ըլլան: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ չընելու պարագային Սփիւռքը կը դատապարտուի անհետանալու: Հարազատ մտաւորականութիւնը եւ մշակոյթի գործիչները, առանց կողմնապաշտութեան, առաջնորդուելով ազգային գաղափարախօսութեան թելադրանքով, պիտի քննե՞ն այս հարցերը, մանաւանդ որ, ինչպէս ուրիշ ժողովուրդներ, մենք եւս կը գտնուինք համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ, զոր չենք ուզեր տեսնել տնտեսական-քաղաքական ճնշման ներքեւ եւ տարուելով զգացական հայրենասիրութեան ալիքներով, որոնք կը յառաջացնեն հաւկուրութիւն, կը մղեն անմիջականէն անդին չտեսնելու անհեռանկար վերաբերումներու:

Համազգայինի ութսունամեակը կ’ըլլա՞յ առիթ, միութեան սահմաններէն անդին, քննելու ազգի եւ մշակոյթի մէկութեան պարզ-բարդ խնդիրները, անոնց երանգները, գերանցնելով ճառային-կարգախօսային թափծու տարազները: Ինչպէ՞ս պիտի պահուի ազգային մշակոյթի ինքնուրոյնութիւնը, առանց կեթթոյի մէջ իյնալու, ինչպէ՞ս պիտի ձգտինք որակի: Տարբեր ձեւերով, այս հարցադրումը կ’ընդգրկէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը: Համաշխարհայնացման հունին մէջ կը զարգանայ համացանցային անմիջականութիւնը, որ իր ընծայած դիւրութեամբ միօրինակութեան եւ միատեսակութեան կրնայ առաջնորդել, եթէ ազգային ինքնուրոյնութիւնը պաշտպանելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ քայլերու չդիմեն անոնք որոնք ստեղծուող նոր քաղաքակրթութեան մէջ կրնան հարթուիլ, անհետանալ: Տոկալու եւ տեւելու համար, ազգային գաղափարախօսութեան հասարակաց արժէքներու հիման վրայ նոր ծրագրում անհրաժեշտ է, որ խարխափում չըլլայ, այսինքն` ոչ-նպարավաճառային իսկական ղեկավարում-առաջնորդութիւն պէտք է, որպէսզի մեր մասին անցեալով չգրեն օր մը:

Պիտի խօսի՞նք կարգ մը հիմնահարցերու մասին, առանց խուսանաւումներու, առանց տուրք տալու զանազան բնոյթի անվաղորդայն մարդորսութիւններու (prosռlytisme): Պիտի քննե՞նք ինչ որ կրնանք կոչել սփիւռքեան մշակոյթ, հայերու կողմէ ստեղծուող, ան ունի՞ ազգային բովանդակութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն, երբ շրջապատի մշակոյթի նմանակն է, գրականութեան պարագային` նաեւ շրջապատի լեզուով: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ ժամանակակից գրող Վասիլիս Ալեքսաքիսի այն ուժեղ մտածումը, իր «Մայրենի լեզուն» – Edition Fayard, 1995 – գիրքին մէջ արտայայտուած, որ «Մենք զաւակներն ենք լեզուի մը»: Երբ մշակութային քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքականութեան մասին պիտի խօսինք եւ պիտի գրենք, պէտք է յիշենք Վասիլիս Ալեքսաքիսի մտածումը, այլապէս կը բազմացնենք «ծագումով հայ» կոչուածներու խառ-նիճաղանճը, որ այլազգի բան դառնալու բաց դռնէն կը խուժէ: «Ծագումով հայ»երու ստեղծած մշակոյթը ո՞ւր կը դասուի որպէս ժառանգութիւն, յաջողութեան, հպարտութեան եւ քարոզչութեան նկատումները ըլլալով այլ մարզի հետաքրքրութիւն:

Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի ստեղծագործական-մշակութային ոլորտին, հարց պէտք է տալ որ հայերու եւ «ծագումով հայ»երու կողմէ ստեղծուող լայն առումով մշակոյթը, ունի՞ ազգային բովանդակութիւն, ազգային ինքնուրոյնութիւն, կրնա՞յ ունենալ, առանց անգիտանալու շրջապատը եւ անկէ եկող դրականը, հարստացումը, որ չվերածուին նմանակի, կապկումի: Միշտ պէտք է կրկնել հարցում մը. ո՞ր աւազանին եւ որո՞ւ աւազանին մէջ կը հոսին հայածնունդ անհատներու ստեղծագործութիւնները: Յաճախ կը յիշեմ Ուիլեամ Սարոյեանը, որ հայ էր, հայու ապրումներ ունէր, բայց անգլիագիր էր: Իր գրականութիւնը, ինչ որ ալ ըլլան մեր զգացումները, հայութեան չի պատկանիր ամերիկեան է: Բայց նոպելեան դափնեկիր Իզաակ Սինկէրի գրականութիւնը հրեայ ժողովուրդին կը պատկանի, քանի որ ան գրած է եիտիշ լեզուով, ըսելով եւ կրկնելով որ ինք թերեւս վերջինն է եիտիշ լեզուով գրող, բայց այդ լեզուվ պիտի գրէ, եւ բնական է որ համամարդկային ըլլալով հանդերձ, իր գրականութիւնը ունի ազգային հասցէ, ուրկէ կը ճառագայթէ:

Ութսունամեակի «աշխատանոց»ի կրնա՞նք վերածել այս խնդիրները:

Այս մտածումներու ուղիղ գծին վրայ կը ներկայանայ նաեւ կրթական հարցը. դպրոցներ, մանկավարժական հրատարակութիւններ: Իր երեք դպրոցներով – Լիբանան, Ֆրանսա եւ Աւստրալիա -, դասագիրքերով, Համազգայինը ազգային կրթութեան օղակ է, արտայայտութիւնը այն համոզման եւ գիտակցութեան, որ ազգային մշակոյթ եւ ինքնութիւն չեն պահուիր եւ չեն հարստանար առանց դպրոցի: Բայց հոս եւս, պատշաճեցման հրամայականները իրենք զիրենք պէտք չէ որ պարտադրեն այնքան որ խորքի զիջում ըլլայ, եւ հայկական վարժարանի նպատակը փոխարինուի այլ բանով: Ինչպէս միշտ կրկնած եմ, հայ տղան եւ աղջիկը կեանքի մէջ յաջողելու պէտք է պատրաստել, ուստի անհրաժեշտ են վկայականներու ձեռքբերումը, համալսարան մուտքը, սակայն հայ դպրոցի առաքելութիւնը հայ լեզուի ուսուցումն է, հայ մշակոյթի եւ արժէքներու փոխանցումը, եւ անոր յաջողութիւնը այս մարզերուն մէջ պէտք է չափել: Հայ դպրոցը պիտի ըսէ նաեւ, երբ իր յաջողութիւններուն մասին կը խօսի, թէ իր շրջանաւարտները կը տիրապետեն հայերէն լեզուին եւ գիրին, գիտեն պատմութիւն, անկախաբար ձեռք բերուած օտար վկայականներէն: Երբ հայ դպրոցի աշակերտները դասարանէն դուրս կը դադրին հայերէն խօսելէ, կը վկայեն այդ դպրոցի ձախողութեան մասին: Այսօր` ութսունամեակ, վաղը` հարիւրամեակ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիւռքի հայեցի կրթութեան եւ կրթական կառոյցներու հոլովոյթը յառաջիկայ քսանամեակին, յիսնամեակին, որպէս մանկավարժութիւն, որպէս ծրագրում:

Որպէսզի ազգային լիցք ունենան հայկական համայնքները եւ ազգը ընդհանրապէս, անցեալի հաշուետուութեան կողքին, առաջնահերթութեամբ պէտք է մտածել քսան կամ յիսուն տարի ետք ըլլալիք հաշուետուութեան մասին, այսինքն այսօր մշակել անմիջականէ անդին վաղուան տեսլիքը, որ չըլլայ աւուր պատշաճի հնչեղութիւններու տարափ, որպէսզի ապագային իրականացած ըլլայ գործը: Որպէսզի «Մէկ Ազգ Մէկ Մշակոյթ» տարազը իմաստաւորուի, հաւատարմութիւնները եւ հարազատութիւնները հարկ է վերականգնել, օրինակ, մաքրազատել հայերէնը եւ վերականգնել բազմադարեան հարազատ ուղղագրութիւնը, առանց յայտարարելու որ այդ հարցը ժամանակավրէպ է, քանի որ Սփիւռքը դատապարտուած է անհետացման:

«Թուքով կպցրած» նախաձեռնութիւնները հրապարակին վրայ աղմուկ կը ստեղծեն, նոյնիսկ երբ յաջողութիւն համարուին, անոնք հակամշակոյթին կեր կը հայթայթեն:

Բայց մշակոյթը կը ստեղծուի եւ կը յառաջդիմէ մշակոյթի մարդոցմով: Այս արդէն այլ խնդիր է, որուն քննութենէն պէտք չէ խուափիլ:

Յակոբ Պալեան