Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմած Համազգայինի 90-րդ յոբելեանի յատուկ յանձնախումբին կողմէ առաջարկ ներկայացուեցաւ, որ յօդուածի մը մէջ գաղափարներս ներկայացնեմ Համազգային-հայ երիտասարդ կապին եւ այդ կապը զարգացնելու միջոցներուն մասին:

Թէ ո՞վ է, ի՞նչ է Համազգայինը` բաւական յստակ է հայ կեանքին քիչ թէ շատ ծանօթ հայ մարդուն համար. այն միութիւնն է, որ յանձնառու է Հայաստանի եւ համայն հայութեան գոյատեւման պայքարին, եւ որուն նպատակն է պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը եւ կրթութիւնը: Համազգայինի ընդհանուր կանոնագիրը յաւելեալ յստակացում կը բերէ` շեշտելով հետեւեալը. «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ը յատուկ առաքելութիւն ունի սփիւռքի մէջ իբրեւ հայապահպանման օղակ` կրթական եւ մշակութային մարզերէն ներս. ան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ զարգացող հայկական մշակութային տարբեր երանգներու մերման միջավայր է»:

Իսկ ո՞վ է հայ երիտասարդը: Դժուար հարցում: Տարիքի սահմանները դիւրին է ճշդել, բայց ո՞վ է ՀԱՅ երիտասարդը: Այստեղ կրնանք նկատի առնել շատ նեղ եւ անիրապաշտ սահմանում մը, օրինակ` «հայերէնին լաւագոյնս տիրապետող եւ իրապէս հայրենասէր երիտասարդը»: Բայց սփիւռքի մէջ (կը խօսինք աւանդական սփիւռքին մասին) այս սահմանումին համապատասխանող երիտասարդութեան թիւը այսօր քանի մը հազարը չ՛անցնիր: Իսկ մնացա՞ծը:

Արդէն կ՛անդրադառնանք, որ պէտք է որդեգրենք շատ աւելի իրապաշտ եւ ընդգրկուն տարազ մը: Այսինքն` հետեւեալը. «Ամբողջական կամ մասնակի հայկական ծագում ունեցող եւ հայութենէն ամբողջովին չխզուած երիտասարդը»: Այս պարագային, սփիւռքի մէջ պիտի գտնենք սահմանումին համապատասխանող հարիւր հազարաւոր երիտասարդներ:

Իսկ ներկայիս ի՞նչ է կապը Համազգայինի եւ հարիւր հազարաւոր այս հայ երիտասարդութեան միջեւ: Ցաւցնող հարցում:

Մեծ նուիրումով, սրտցաւութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ յատկանշուած է եւ կը յատկանշուի Համազգայինի գործունէութիւնը աշխարհի չորս կողմը, ամէնուրեք:

Ամէն տարի հսկայական ճիգերով, հարիւրաւոր ձեռնարկներու ճամբով, զանազան քաղաքներու մէջ սփիւռքի համայնքներու հայ հանրութեան կը ներկայացուի մեր մշակոյթը իր զանազան երեսներով: Սրահները ընդհանրապէս լեցուն են, բայց ներկաներուն շարքին երիտասարդներուն համեմատութիւնը ի՞նչ է:

Տարիներ եւ տասնամեակներ շարունակ պատիւ բերող ծրագրումով, ներդրումներով, զոհողութիւններով, եւ յարատեւ պայքարով Համազգայինը կանգուն կը պահէ կրթական երեք երկրորդական վարժարաններ եւ տասնեակներով միօրեայ վարժարաններ` զանազան երկիրներու մէջ, հայեցի դաստիարակութեան տալով անհրաժեշտ մեծ կարեւորութիւնը: Սակայն այս վարժարանները, թէ՛ հայեցի դաստիարակութիւն, թէ՛ ընդհանրապէս որակաւոր ուսում եւ պատրաստութիւն փոխանցելու իրենց առաքելութեան մէջ, լաւ կամ շատ լաւ գործ տանելով հանդերձ, իրենց թիւով եւ հասողութեամբ չափազանց անբաւարար են:

Մեր գեղարուեստի դպրոցները` նոյնպէս:

Տակաւին, քանի՞ երիտասարդի կը հասնին մեր հրատարակութիւնները, քանի՞ երիտասարդ կը մասնակցի մեր երիտասարդական հաւաքներուն, քանի՞ երիտասարդ կը կարդայ մեր գրական թերթերը:

Մենք մեզ խաբած կ՛ըլլանք, եթէ յատուկ պարագայ նկատենք Լիբանանը եւ Սուրիան: Ընդհանուրէն շատ տարբեր չէ վիճակը նաեւ այս երկիրներուն մէջ: Մանաւանդ` Լիբանանի մէջ, ուր արագօրէն կը բարձրանայ համեմատութիւնը հայութենէն խզուած հայ երիտասարդութեան: Համոզուելու համար այս իրականութեան` կը բաւէ նկատի առնել օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներու մեծ թիւը եւ զրուցել Լիբանանի համալսարաններուն մէջ ոչ հայախօս հայ ուսանողներու հետ:

Մտահոգիչ փաստ է: Հակառակ մշակոյթ եւ կրթութիւն պահպանելու եւ տարածելու մեր հսկայական ճիգերուն` մեր աշխատանքը կը հասնի հայ երիտասարդութեան շատ փոքր համեմատութեան մը միայն: Չնչին համեմատութեան մը:

Իսկ երիտասարդութիւնը ի՛նք արդեօք կու գա՞յ, կը հաւաքուի՞ մեր կառոյցներուն եւ գործին շուրջ: Աշխարհով մէկ տարածուած մեր կազմակերպական շարքերուն մէջ երիտասարդներու համեմատութիւնը փոքր է: Մեր յանձնախմբային աշխատանքները հետաքրքրական չեն իրենց համար: Մեր ակումբները երիտասարդութիւնը գրաւել չեն յաջողիր: Մեր պարախումբերուն եւ երգչախումբերուն աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն պարը եւ երգը սիրող երիտասարդներ, բայց այստեղ եւս, մանաւանդ տղոց պարագային, թիւը կը մնայ անբաւարար: Երիտասարդները մեր շուրջ չեն հաւաքուիր: Չենք յաջողիր զիրենք հետաքրքրել: Անոնք ուրիշ տեղ են:

Քաջութիւնը ունենանք ընդունելու, որ Համազգային-հայ երիտասարդ կապը գոյութիւն ունի միայն երիտասարդութեան որոշ համեմատութեան մը հետ, որ արհամարհելի ըլլալու աստիճան փոքր է:

Մեր պատգամները (message) չեն հասնիր երիտասարդութեան: Երիտասարդութեան ձայնը չի հասնիր մեզի: Ծանր հետեւանքներով յղի ահաւոր խզում մը կայ:

Անշուշտ պարագան տարբեր չէ մշակութային-կրթական գործ տանող այլ միութիւններու քով: Տագնապը համատարած է:

Եթէ նոյնիսկ գումարենք հայկական բոլոր միութիւններուն աշխատանքի ծիրին մաս կազմող երիտասարդութեան թիւերը, թերեւս չնչինը պիտի կրկնապատկուի, բայց պիտի մնայ չնչին: Եզրակացութիւնը կը մնայ նոյնը: Ծանր հետեւանքներով յղի ահաւոր խզում:

Անցնինք խզումի հաստատումէն անդին:

Պատասխանատուներ չփնտռենք. կարեւորը յանցանք եւ յանցաւոր գտնելը չէ, մանաւանդ որովհետեւ այս կացութեան հիմնական պատճառները պէտք է պեղել կեանքի առարկայական եւ ենթակայական պայմաններուն մէջ:

Իսկ ի՞նչ տուեալներ կը պարունակեն կեանքի պայմանները:

Տուեալ 1.- Աշխարհով մէկ, հսկայական տարածութիւններու վրայ տարածուած ժողովուրդ:

Տուեալ 2.- Իրարմէ շատ տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու ազդեցութիւններուն տակ ինկած, հետեւաբար բարքերով եւ արժէքներով իրարմէ որոշ չափով տարբերող համայնքներ:

Տուեալ 3.- Յառաջադէմ մշակոյթով շրջապատուած համայնքներու պարագային, Ցեղասպանութենէ նոր ճողոպրած եւ հետեւաբար ընկճուած հայ մարդը անխուսափելիօրէն ենթակայ էր օտարին նկատմամբ հասկնալիէն անդին անցնող յարգանք ունենալու եւ բարդոյթ ապրելու հոգեվիճակին: Եթէ երկար ատեն արեւմտեան երկիրներու մէջ հայկական վարժարաններ չհիմնուեցան, պատճառներէն մէկը այս էր:

Տուեալ 4.- Պետական կառոյցի եւ միջոցներու բացակայութիւնը:

Տուեալ 5.- Սփիւռքը չունեցաւ իրեն թիկունք կանգնող հայրենի երկիր:

Տուեալ 6.- Մինչ սփիւռքը ինքզինք կը կազմակերպէր` հիմնուելով 19-րդ դարէն 20-րդ դար անցումի շրջանը յատկանշող մշակութային եւ հաղորդակցական տուեալներու, արժէքներու, մեթոտներու եւ միջոցներու վրայ, 20-րդ դարը եւ 21-րդ ներկայ դարը եկան մեծ արագութեամբ յեղաշրջելու այդ բոլորը: Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան խելացնոր թափով զարգացումը, ինչպէս նաեւ դրամատիրական համակարգին ստեղծած համաշխարհայնացումի հոսանքը իրենց հետ բերին քաղաքակրթական յեղափոխութիւն մը, որ արագօրէն նոր սերունդները (նաեւ` մե՛ր նոր սերունդները) առաջնորդեց դէպի (ա) յաւելեալ նիւթապաշտութիւն եւ անհատապաշտութիւն, (բ) համամարդկայինին բաղդատած` ազգայինին նուազ արժէք տուող արժէքահամակարգի որդեգրում, եւ (գ) ջրասուզում` ընկերային ելեկտրոնային ցանցերու զանգուածային տարողութիւն ստացած ամէնօրեայ կապ-հաղորդակցութեան ծովուն մէջ: Այս վերջինը երիտասարդութեան առաջին խաւին (16-20 տարեկան, մօտաւորապէս) լայն մեծամասնութիւնը արդէն վերածած է մեր մշակութային ձեռնարկներու սրահներէն հեռու մնացող, գիրքէն, գրականութենէն եւ լուրջ զբաղումներէ խուսափող եւ արագ գոհացումի միջոցներ փնտռող զանգուածի: Երկրորդ խաւին (տարիքով 20-էն վեր, մօտաւորապէս) պարագան հաւանաբար նոյնքան վատ չէ, բայց կը մնայ մտահոգիչ:

Կեանքի նման պայմաններէ ծնունդ առաւ իրավիճակ մը (թերեւս այլ մտածողներ աւելցնեն նաեւ այլ տուեալներ), ուր Համազգայինի եւ մշակութային-կրթական գործ տանող այլ կազմակերպութիւններու համար անկարելի դարձաւ կենդանի կապ ստեղծել եւ զարգացնել այսօրուան հարիւր հազարներ հաշուող եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայ երիտասարդութեան հետ: Ստեղծուեցաւ «ահաւոր խզումը»:

Ի՞նչ ընել:

Ի՞նչ ընել` հասնելու համար հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդութեան, որոնց հետ ներկայիս կապ չունինք:

Նախ հարցում մը. կ՛արժէ՞ արդեօք խզումը վերացնել:

Այս երիտասարդութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր, Հայաստանի մասին շատ քիչ բան գիտէ, հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին` նոյնպէս, հայերէն գիրք կամ թերթ չի կարդար, հայկական կազմակերպութիւններու հետ կապ չունի, հայկական ձեռնարկներու ներկայ չըլլար: Կայ համեստ փոքրամասնութիւն մը, որ շնորհիւ իր ծնողքին կամ յաճախած հայկական վարժարանին` ունի խօսակցական հայերէնով մը հաղորդակցելու կարելիութիւնը, բայց` այդքանը միայն: Այս տեսակի երիտասարդը եւս տեղեկութեամբ եւ մշակոյթի ծանօթութեամբ աղքատ է, կտրուած` հայկական միջավայրէ եւ փոխյարաբերութենէ:

Կրկնենք այստեղ սահմանումը, որ վերը տուինք. «Ամբողջական կամ մասնակի հայկական ծագում ունեցող եւ հայութենէն ամբողջովին չխզուած երիտասարդը»:

Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «հայութենէն ամբողջովին չխզուած»:

Կրնայ նշանակել խօսակցական պարզ կամ կոտրած հայերէնի մը ատակ ըլլալ, քանի մը տարին անգամ մը Հայաստան այցելելը սիրել, որոշ հիացում ունենալ հայկական երաժշտութեան կամ ճարտարապետութեան նկատմամբ, հայկական արմատներու փնտռտուքով տագնապիլ, Հայոց ցեղասպանութեան անարդարութիւնը բուռն կերպով մերժել եւ անոր ուրացումին դէմ պայքարիլը արժէք նկատել, կամ մտքին եւ սրտին մէջ շարունակ Արարատի հոյակապ պատկեր-երազ մը ունենալ: Ինքզինք չսահմանել միայն իբրեւ

լիբանանցի, ամերիկացի կամ ֆրանսացի, այլ նաեւ, գէթ որոշ չափով, իբրեւ հայ: «Ո՞վ եմ ես» հարցումին մտքին եւ սրտին խորքը պատասխանել. «Ես հայ եմ», «Ես մասամբ հայ եմ», կամ` «Ես թերեւս հայ եմ», եւ շարունակել` «Եթէ միջոցը ունենայի, պիտի ուզէի աւելի լաւ ճանչնալ հայ ժողովուրդը եւ իր մշակոյթը»: Այսինքն կը նշանակէ` գիտակցաբար կամ զգացումներով տակաւին կապուած մնալ հայկականութեան:

Իրաւունք ունի՞նք նման հայ երիտասարդութիւն իր ճակատագրին ձգելու: Պարզ է, չէ՞, որ չունինք: Պարզ է, չէ՞, որ վերի հարցումին պատասխանը դրական է. «Ոչ միայն կ՛արժէ խզումը վերացնել, այլ ոգի ի բռին պէտք է աշխատինք այդ ուղղութեամբ»:

Հետեւաբար պէտք է ամէն գնով եւ անյապաղ երիտասարդութեան այս հատուածին հասնի մեր խօսքը, պատգամը (message), եւ հասանելի դարձնենք մեր հոյակապ մշակոյթը: Պէտք է ձեւերը գտնենք զայն հայ մշակոյթին եւ հայերէնին մօտեցնելու, ձեւերը գտնենք զայն հայ մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանումին, զարգացումին եւ տարածումին մասնակից դարձնելու: Այս պէտք է ըլլայ մեր գործին անմիջական եւ կարեւոր նպատակներէն մէկը:

Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է հիմնական վերանայումի ենթարկենք մեր աւանդական ռազմավարութիւնը եւ միջոցները: Մեր դասական գործունէութիւնը կարեւոր է շարունակել եւ զարգացնել անշուշտ, բայց անոր կողքին, հասնելու համար այս երիտասարդութեան` անոր հետ հաղորդակցելու մեր ռազմավարութիւնը պէտք է անյապաղ արդիականանայ: Երիտասարդութեան պէտք է ներկայանանք զանգուածային հաղորդակցութեան արդիական ելեկտրոնային միջոցներով, եւ հայերէնին կողքին, օգտագործելով անգլերէնը, որ թէեւ բոլորին գործածած առաջին լեզուն չէ, սակայն բոլորին հասկնալի միակ լեզուն է: Ելեկտրոնային հարթակներու, ընկերային ցանցերու, բջիջային ծրագիրներու (App), եւ իբրեւ համաշխարհային հաղորդակցութեան լեզու գործածուող անգլերէնով պէտք է առիթ տալ, որ հայ երիտասարդներ կապ հաստատեն իրարու հետ, դառնան ներգործող, մասնակցող եւ իրենց արտայայտութեան ու ստեղծագործ աշխատանքին համար հայկական դաշտ ունենան: Նոյն ճամբով եւ միջոցներով պէտք է քաջալերենք եւ դիւրացնենք իրենց (այնքան կարեւոր) վերադարձը հայերէնին:

Համազգայինը, ինչպէս արդէն վերջերս յայտարարուեցաւ, որդեգրած է կենսական փոփոխութեան այս ռազմավարութիւնը: Մեծ զոհողութիւններով, նիւթական մեծ ներդրումով պատրաստած է եւ ի մօտոյ հանրութեան պիտի ներկայացնէ այս ուղղութեամբ իր առաջին նախաձեռնութիւնը. երիտասարդական հարթակ մը` h-pem անունով: Վայր մը պիտի ըլլայ այս «բեմ»-ը, ուր հայ երիտասարդը պիտի կարենայ արտայայտուիլ իր մտածումներով եւ արուեստի ստեղծագործութիւններով, կապուիլ այլ երիտասարդներու հետ, վիճիլ, մասնակցիլ, խանդավառուիլ, մօտենալ հայութեան, հայերէնին, հայ մշակոյթին եւ Հայաստանին:

Բարոյապէս եւ նիւթապէս պէտք է թիկունք կանգնիլ Համազգայինի այս նորարար ծրագրին: Նաեւ պէտք է յուսալ, որ այս օրինակին հետեւին հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւս: Նման մօտեցումով կարելի պիտի դառնայ քանդել մեզ հայ երիտասարդութենէն բաժնող պատերը եւ շրջանցել «ահաւոր խզում»-ի աղէտալի վիճակը:

Համազգայինը արդիականացման եւ նորարարութեան հոսանք կը ստեղծէ նաեւ երկու բջիջային ծրագիրներով (App). հրապարակած է իր ե-գրադարանը (e-library) եւ «Լալան ու Արան» մանկական դաստիարակչական խաղերը:

Ժամանակակից ուղղութիւններու հետ քայլ պահող իր երեք նորարար ծրագիրներով Համազգայինը մուտք կը գործէ 21-րդ դար` որպէս ընկերը հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին: Համազգային-հայ երիտասարդ կապը կը սկսի ստեղծուիլ: Այս արդիական ռազմավարութեան ճամբուն վրայ գործնական դժուարութիւնները անպակաս պիտի ըլլան:

Նաեւ` համաշխարհային բեմի վրայ նոր զարգացումները կրնան ստեղծել նոր խոչընդոտներ: Պէտք է դիմանալ, պայքարիլ, ի հարկին ռազմավարութիւնը բարեփոխել եւ ամբողջական ճիգերով հայ երիտասարդութեան հետ սերտ եւ տոկուն կապ ստեղծել:

 

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Լիբանան