90-ամեակն է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան: Այս մեծ միութեան 90-ամեակի նշումը խորիմաստ պատգամներ եւ թելադրանքներ կը պարփակէ իր մէջ: Սովորական միութեան մը հիմնադրութեան տարեդարձը չէ, որ կը նշենք, այլ ամբողջ 90 տարիներ հայրենիքէն դուրս հոգեմտաւոր անփոխարինելի հայրենիք մը ստեղծող ու այդ հայրենիքի կարօտով  տագնապող ու անդուլ աշխատող, այսօրուան Հայաստանի հետ իր կապը անքակտելի դարձնող ու հայութեան մեծ երազը վառ պահող եւ իրերայաջորդ սերունդներ հայրենիքին համար պատրաստող անփոխարինելի միութեան մը հիմնադրութիւնն է, որ կը նշենք:

Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կերտած սերունդի ներկայացուցիչները ու անոր առաջին խորհրդարանի ու կառավարութեան կարկառուն դէմքերը երբ անկախութեան փլուզումով ու հայրենիքի խորհրդայնացումով վտարանդի դարձան հայրենիքէն, երբե՛ք չյուսալքուեցան, այլ հասնելով Եգիպտոս, ապա Պէյրութ, հիմը դրին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան: Այդ սերունդի ներկայացուցիչներուն շատ բան կը պարտի բովանդակ հայ ժողովուրդը: Անոնց փայփայած երազին իրականացումը մասամբ մը նուիրագործուած է այսօր, ու անոնց վաստակը իր անջնջելի դրոշմը դրած է ժամանակակից հայոց պատմութեան հոլովոյթին վրայ:

Մշակոյթն ու կրթութիւնը բնական է, որ դառնային այդ սերունդի գործունէութեան հիմնական առանցքը, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հաւաքականութեան ազգային ու քաղաքական գիտակցութիւնը վերազարթնեցնելու համար անհրաժեշտ էր երաշխաւորել հայապահպանման այն կարեւոր գործօնները, որոնք յենասիւները կը կազմեն հայութեան հաւաքական  երթին:

Համազգայինի աշխարհատարած ընտանիքը 2018-ի աւարտին գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ նշեց 90-ամեակը, որուն մեկնարկը կատարուեցաւ մայիս 2018-ին հայրենքի մէջ: Բնական է, որ եզրափակիչ հանդիսութիւնները տեղի ունենային Լիբանանի մէջ, որովհետեւ այդ միութեան հիմնադիրներէն եւ երախտաւորներէն մեծ փաղանգ մը իր յաւիտենական հանգիստը գտած է այս հիւրընկալ մայրիներու երկրին մէջ եւ Լիբանանը դարձուցած Համազգայինի կեդրոնական հաստատութիւններու վայրը` իր կեդրոնական գրասենեակներով, Ճեմարանով, հրատարակչատունով եւ «Բագին» գրական հանդէսով: Այս իրողութեան լոյսին տակ լիբանանահայութիւնը վստահաբար բոլորէն աւելի իր կենդանի կապով ու շաղկապումով ամենաիրազեկն ու քաջածանօթն է այս միութեան մեծ վաստակին:

1990-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առիթը պատեհ համարեց  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը օժտել համահայկական կառոյցով ու կանոնագիրով եւ այդ որոշումի լոյսին տակ գումարուեցաւ առաջին պատգամաւորական ժողովը` մասնակցութեամբ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչներուն: Արդէն իսկ այդ հանգրուանին հայ կեանքը ու հայ աշխարհը կը գտնուէր նոր երկունքի մը դիմաց եւ այդ ժողովը կը զուգադիպէր հայրենիքի մէջ ազգային պահանջատիրական զարթօնքին ու անկախութեան վերատիրացման: Բնական էր այս նոր կացութեան դիմաց միութիւնը իր աշխատանքը կամրջէր հայրենիքին հետ ու Հայաստան-սփիւռք մշակութային ու կրթական կապերը դնէր որակական բարձր մակարդակի վրայ:

Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած առաջին Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի գրասենեակի գործավարութիւնը ստանձնելու պաշտօնին հրաւիրուեցայ նոյեմբեր 1990-ին: Ընկեր Հրաչ Տասնապետեան իր գրասենեակը կանչեց զիս, երբ տակաւին ուսանող էի, ու իր պատկառելի խօսքով բացատրեց գրասենեակի գործունէութեան կարեւորութիւնն ու առաքելութիւնը: Այնուհետեւ եւ մինչեւ օրս Համազգայինը դարձաւ ինծի համար հանրային ու մշակութային կեանքի մեծ դպրոց ու երկրորդ ընտանիք:

Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ մղումով, հայրենիքի հետ մշակութային կապերը սերտաճեցնելու ծրագիրներ սկսան մշակուիլ, անկախ գաղութներու մէջ ծաւալած Համազգայինի շրջանային վարչութիւններու եւ մշակութային միաւորներու կազմակերպչական աշխատանքներէն: Հայրենի գեղարուեստական մեծ խումբեր, անհատ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ հիւրընկալուեցան Լիբանան, ապա արտասահմանեան գաղութներ` ստեղծելով մշակութային եռուզեռ ու աշխուժութիւն: Համազգայնականներն ու Համազգայինի  բարեկամները իրենց օրինակելի զօրակցութեամբ մասնակից դարձան այդ բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան: Նոյն ժամանակահատուածին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց նաեւ իր գրասենեակը Երեւանի մէջ, որ դարձաւ Հայաստան – սփիւռք կապերու համադրման գլխաւոր օղակ:

1998-ին, Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, ինծի վստահուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան պատասխանատու պաշտօնը: Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով եւ ներդրումով 1931-ին ստեղծուած հրատարակչատունը Համազգայինի գործունէութեան կարեւոր մարզերէն մէկն է: Այդ գործունէութիւնը անխափան կերպով շարունակուած է իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր, հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ստեղծած արհաւիրքներուն ու դժուարութիւններուն եւ հաստատութեան պարտադրուած տեղափոխումներուն: Իրերայաջորդ պատասխանատուներու եւ անձնակազմերու ժրաջան աշխատանքով հաստատութիւնը յաջողած է պատուաբեր կերպով տէր կանգնիլ արեւմտահայ գրականութեան հարուստ ժառանգութեան ու հիմնական դերակատար դառնալ սփիւռքահայ գրականութեան ծաղկումին: Հարիւրաւոր մտաւորականներու հետ  իր համագործակցութեամբ հաստատութիւնը հարստացուցած է հայութեան գրական, պատմաուսումնասիրական, յեղափոխական, գաղափարաբանական, Հայ դատի, մշակութային եւ մանկապատանեկան հրատարակութիւններու գանձարանը ու դասագիրքերու պատրաստութեամբ յաջողած է անսալ սփիւռքի բոլոր գաղութներու կրթօճախներու կարիքներուն: Դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Այս բոլոր հրատարակութիւններուն շնորհիւ հրատարակչատունը յաջողած է յատուկ նկարագիր տալ մեր մշակութային կեանքին:

Ժամանակի պահանջներուն հետ համահունչ ընթանալու առաջադրութեամբ, հաստատութիւնը ինքզինք պահած է մնայուն վերանորոգման ու վերաթարմացման գործընթացին մէջ եւ ընդարձակած իր գործունէութեան մարզերը` յատկապէ՛ս ընդարձակելով գրատարածման կառոյցը, արդիականացնելով իր գրախանութը, նաեւ «Վահէ Սէթեան» տպարանը մնայուն կերպով օժտելով նոր կազմածներով: Ծրագրուած են նաեւ այլ աշխատանքներ, որոնք կը միտին հայ գիրքին շուրջ ստեղծել հետաքրքրութիւն, քաջալերել հայ գրողը, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդին մօտ ընթերցանութիւնը: Վերջապէս հաստատուած է նաեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ցուցասրահը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ մարզին մէջ եւս հայրենիքի հետ կապերը ամրացնել ու քաջալերել հայրենի կերպարուեստի ճառագայթումը հայրենիքէն դուրս նաեւ: Այս տարի ցուցասրահը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 10-ամեակը: Բնական է, որ անցնող իննսուն տարիներուն մարտահրաւէրները մնացած են միշտ առկայ եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու ու այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններ եւ հաստատութեան պատասխանատուներ ոչ մէկ ճիգ խնայած են:

Վերջին շրջանին հաստատութիւնը նախաձեռնեց նաեւ իր հրատարակութիւններու ելեկտրոնային գրադարանի ստեղծման, ինչպէս նաեւ հաստատեց արուեստի տուն մը, որ դարձեալ կը միտի հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներու ձեռակերտը հանդիսացող ու հայկական նկարագիրով ձեռային աշխատանքներ դնել մեր ժողովուրդի եւ օտարներու տրամադրութեան տակ:

Հաստատութիւնը Հայաստանի վերանկախացումէն ետք տարուէ տարի ընդարձակեց իր համագործակցութիւնը հայրենի մեծ թիւով հրատարակչատուներու հետ, եւ այսօր Համազգայինի  գրախանութը օժտուած է հայրենի ժամանակակից հրատարակութիւններով եւ միաժամանակ Համազգայինի հրատարակութիւնները ցուցահանդէսներու ճամբով եւ երեւանեան գրախանութներու մէջ տրամադրելի են հայրենի ժողովուրդին:

90-ամեակի առիթով կը խոնարհինք վաստակին դիմաց հաստատութեան մէջ իրենց ժամանակը նուիրաբերած եւ քրտինքը թափած բոլոր խնամակալ կազմերուն, տնօրէններուն եւ անձնակազմերուն, որոնցմէ մեծ թիւ մը արդէն հրաժեշտ տուած է այս կեանքին: Կը խոնարհինք Համազգայինի հրատարակչատան հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի կողքին Լեւոն Շանթի, Գասպար Իփէկեանի, Միհրան Հերարդեանի, Օննիկ Մելիքսէթեանի, Պարգեւ Շիրինեանի եւ հաստատութեան վաստակաշատ տնօրէն Երուանդ Մոնոֆարեանի վաստակին դիմաց: Տպարանի գործունէութեան մէջ անուրանալի է դերը հաստատութեան բարերար եւ Համազգայինի պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանին, որուն մահէն ետք նաեւ անոր ընտանիքը մի՛շտ ալ կը պահէ կապը հաստատութեան հետ` հովանաւորելով կարգ մը ծրագիրներ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ այս առիթով «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի բարերար  տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն եւ գրախանութի բարերար տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք շարունակական կերպով կը զօրակցին մեր աշխատանքներուն:

Հաստատութիւնը դէպի 100-ամեակ իր երթին մէջ կը մնայ յանձնառու ու պատասխանատու մօտեցումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` ի խնդիր հայ գիրի ու գրականութեան պահպանման ու ծաղկումին եւ նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման աշխատանքին մի՛շտ վստահելով այս գործին հաւատացող հաստատութիւններու եւ անհատներու գիտակից զօրակցութեան:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին…

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ