Աւելի քան քառորդ դար առաջ, ինչ բովանդակութեամբ յոբելենական ձեռնարկ կազմակերպած էինք` իբրեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն, յիշողութիւնս, այլապէս բաւական լաւ, չ՛արձագանգեր: Անշուշտ ունեցած պէտք է ըլլանք տեղական ուժերով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը, բանախօսութիւն: Արխիւները կրնան լոյս սփռել եւ փարատել շփոթս, մանաւանդ` պատասխանը տալ միտքս չարչրկող հիմնական հարցումին, թէ այդ հանդիսութեան իբրեւ պատգամ ի՛նչ փոխանցուած էր մեզի:

Շատ լաւ կը յիշեմ, որ այդ ձեռնարկը, հակառակ երկրին մէջ տիրող անապահով կացութեան, արեւմտեան եւ արեւելեան քաղաքամասերու միջեւ սահմանագիծի գոյութեան, տեղի կ՛ունենար «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ: Հիւրընկալի մեր պարտականութիւնը ամբողջացնելու ընթացքին մէջն էինք, երբ Լիբանանի Կարմիր խաչի շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը սրընթաց հասաւ հանդիսասրահի շքամուտք` մթագնելով տօնական մեր զգացողութիւնը: Զուր տեղ տագնապած էինք: Պատանիի փութկոտութեամբ եւ աշխուժութեամբ ինքնաշարժէն դուրս եկան Մուշեղ Իշխանն ու Գառնիկ Բանեանը, որոնք այդ հնարքին դիմած էին անմասն չմնալու համար նշանակալի այդ հանդիսութենէն:

Կրնայի՞ն չգալ հիմնադիր սերունդի արժանաւոր յաջորդները, որոնք իրենց էութեամբ, ամէնօրեայ ապրումով նոյն վարքագիծը կը պահպանէին, աքսորեալ սերունդի նոյն ներկայացուցիչներն էին հայրենի հողին կարօտ:

Ժամացոյցի ճշդապահութեամբ, իր ամենասեւ օրերուն իսկ, մինչեւ մահուան անկողին, տագնապած էր Շանթ` «ետին բան չձգելու», գալիք սերունդներուն հոգեմտաւոր սնունդ մատակարարելու համար: Իր անբաժան ընկերը` Նիկոլ Աղբալեանը, կենդանի խօսքի իր հմայքով գրաւած էր սիրտը հրապարակային լսարաններու ունկնդիրներուն, ձեռնամուխ եղած էր տպագրական աշխատանքին:

«Ներզօր ուժգնութեամբ» Մուշեղ Իշխան, սրտին հասած հարուածէն ետք, կը գրէր Սիվրի Հիսարը կենդանացնող «Մնաս բարով մանկութիւն»-ը, Գառնիկ Բանեան` Այնթուրայի ցնցիչ իր յուշերը: Սահման անցնիլը անոնց համար թերեւս արկածախնդրութիւն իսկ չէր, որովհետեւ ցմրուր խմած էին որբութեան դառնութիւնները եւ կեանքի բնականոն տրոփը վերագտած էին Հայ ճեմարանի յարկին տակ: Մաս կը կազմէին շրջանաւարտ այն սերունդին, որ «Հայը հայ պահելու» համար ընդգրկած էր ուսուցչական յանձնառու ասպարէզը, կամ ազգային գործիչ էր, ապա բժիշկ:

90-ամեակի հանդիսութիւններուն պիտի հնչեն Համազգայինի աշխարհատարած գործունէութեան հորիզոնական իրագործումները, պիտի փոխանցուին տեղեկութիւններ` նոր շրջաններու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասին: Պիտի ծանօթանանք Հայաստանի հետ մեր գործակցութեան նոր նախաձեռնութեան` գիտաժողովներուն, համապատասխան հրատարակութիւններով: Պիտի խօսուի արժանի գովեստով մշակութային հաստատութիւններու արդիւնաւէտ աշխատանքին, Համազգայինի հովանաւորութիւնը վայելող վարժարաններու կրթական յաջողութեան, համալսարանականներու հաւաքներուն, Հայաստանի Մատենադարանի մեր նուիրաբերման, առցանց ծրագիրներու հաստատման եւ բազում այլ իրագործումներուն մասին, որոնք արգասիքն են հետեւողական աշխատանքի, ծրագրումի եւ հաւատարմութեան:

Տարբեր համ ունէր նախնական պայմաններու մէջ գործող մասնաճիւղը, որուն անդամները զիրար կը ճանչնային, փորձարկելով` կը սորվէին, նախաձեռնելու քաջութիւնը ձեռք կը բերէին, նորութիւններու հետամուտ` ստեղծագործական աշխատանքի ենթահողը կը նախապատրաստէին: Ժողովուրդին հետ եւ մէջն էին, տաղանդներ կը յայտնաբերէին ու կը քաջալերէին: Տարբեր հունձք ունէր ուղղահայեաց աշխատելաձեւը` աւելի յանձնառու, աւելի ամուր դրոշմ կնքելու իր ընծեռած կարելիութեամբ: Աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն կը դիմէինք «ընկեր»-ով, ու շղթան կ՛ագուցուէր:

Քաղաքական, տնտեսական, կեանքի պայմաններու փոփոխութեամբ արդեօ՞ք յուշ պիտի դառնայ ճեմարանի գիշերօթիկները, ուր անվարան նաեւ կը դիմէին ճանաչում ունեցող հայորդիներ` հայերէնի իրենց իմացութիւնը խորացնելու համար: Փակուա՞ծ է էջը հայագիտական հիմնարկին, որուն բացակայութիւնը, հակառակ փոխընտրութեան կարելիութեան, առաւել եւս պիտի շեշտուի տասնամեակ մը ետք:

Համազգայինը Միջին Արեւելքի մէջ ունէր մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութեան անպաշտօն դերակատարութիւն, հայկական շրջագիծէն ներս: «Ներզօր ուժգնութիւնը» կ՛օգնէր սովորական, կենցաղայինէն վեր բարձրանալու, անկարելիով հրապուրուելու: Կենդանի գործը, յաղթանակը կը համակեն մարդը: Իննսնամեայ Համազգայինը ունի այդ փորձառութիւնը: Երիտասարդնե՞րը ներգրաւել, արեւմտահայերէ՞նը պահպանել` չեն բարդացներ իր առաքելութիւնը, որ կը մնայ նոյնը` աւանդականին միախառնել նոյն խորքով «նորը»:

18/2/2019

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ