Կարելի չէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մասին խօսիլ` առանց Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մասին խօսելու:

31 տարի գոյատեւած (1974-2005) եւ մեր վարժարաններէն ու թերթերէն շատերուն գոյատեւումը ապահոված այս հիմնարկը երեւոյթ է մեր կեանքին մէջ: Երեւոյթ մը, որ թէեւ 14 տարիէ դադրած է գոյութիւն ունենալէ, բայց անոր դերակատարութիւնը կը մնայ անփոխարինելի:

Պէտք է հաստատել, որ հայագիտական նիւթերու դասընթացք մը կամ հիմնարկ մը ստեղծելու գաղափարը նոր չէ: Նման գաղափար մը կանուխէն գոյութիւն ունեցած է Համազգայինի հիմնադիրներու եւ յաջորդական կեդրոնական վարչութիւններու միտքին մէջ: Հայ Ճեմարանին հիմնումը, ինքնին, շատ աւելի համեստ առաջադրանքով, այդ մտահոգութեան արդիւնքը կարելի է նկատել:

Ճեմարանի կողքին, եւ անոր իբրեւ լրացուցիչ, Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ տրուած հրապարակային դասախօսութիւնները` հայ գրականութեան, բանահիւսութեան, Սայաթ Նովայի եւ հայագիտական այլ նիւթերու մասին, 1930-ական եւ 1940-ական տարիներուն ծառայած են ձեւով մը հարստացնելու գաղութի ուսուցիչներուն եւ մտաւորականներուն հայագիտական ծանօթութիւնները: Աւելի ուշ, Համազգայինի կազմակերպութեամբ, գործած է հայագիտական երկամեայ դասընթացք մը, որուն գլխաւոր դասախօսները եղած են գրագէտ Կոստան Զարեան եւ պատմագէտ Գառնիկ Գիւզալեան:

1970-ական թուականներու սկիզբը հայագիտական դասընթացքի մը կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը դարձեալ կը ներկայանայ օրակարգի վրայ, երբ հիներու մեկնումով յառաջացած բացը գոցելու համար Լիբանանի մէջ եւ քիչ մը ամէն տեղ կարիքը զգացուի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան հմուտ մասնագէտներու: Առ այդ, Համազգայինի օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը կը ձեռնարկէ համալսարանական մակարդակով հայագիտական հիմնարկի մը ստեղծման աշխատանքին: Կը կազմուի յատուկ յանձնախումբ, որուն մաս կը կազմեն` Գարեգին եպս. Սարգիսեան (հետագային` կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ապա` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս), Վահէ Սէթեան, Հրաչ Տասնապետեան, Շաւարշ Թորիկեան, Վահէ Օշական եւ Երուանդ Փամպուքեան: Յանձնախումբը կը մշակէ հիմնարկին կրթական ծրագիրը` գլխաւոր մտասեւեռում ունենալով հայ կեանքի օրուան պահանջներուն բաւարարումը` ուսուցիչներու եւ խմբագիրներու կազմաւորումը, հասարակական գործիչներու եւ մտաւորականներու պատրաստութիւնը, այլ խօսքով` հայը հայ պահող մարդուժի ստեղծումը:

Ահա թէ ինչո՛ւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը երբեք հայագիտական նիւթեր ջամբող սովորական հաստատութիւն մը չեղաւ, ո՛չ ալ ակադեմական-տեսաբանական գիտութիւններու կրթօճախ մը հանդիսացաւ, որովհետեւ առաջին օրէն ան առաքելութեան մը պարտքն ու պատիւը փոխանցեց իրեն դիմող ուսանողներուն: Այսօր կ’արժէ այցելել լիբանանահայ որեւէ վարժարան` անմիջապէս նկատելու համար, որ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Հայագիտականի շրջանաւարտներ են: Կ’արժէ այցելել նաեւ «Ազդակ», «Վանայ Ձայն», ազգային-կուսակցական տարբեր գրասենեակներ` ամէն տեղ պատնէշի վրայ տեսնելու համար Հայագիտականի տղաքն ու աղջիկները:

Նոյն պատկերին կարելի է հանդիպիլ Լիբանանէն դուրս` Հալէպէն մինչեւ Քուէյթ, Մ. Նահանգներէն Քանատա, Ֆրանսա եւ այլուր: Եւ այս բնաւ պատահականութեան մը արդիւնքը չէ, այլ առաւելաբար սեփական ուժերով կերտուած յաջողութիւն մըն է, որ անպայման մտածել կու տայ իր մասին: Արդարեւ, Հայագիտական հիմնարկը հիմնուեցաւ ու պահուեցաւ Համազգայինի ուժերով, Համազգայինի շուրջ բոլորուած մտաւորականներու եւ բարերարներու ջանքերով: Ճիշդ է, որ շրջան մը Հայաստանէն դասախօսներ եւս գործեցին հիմնարկին մէջ, բայց անոնց ներկայութեան համեմատութիւնը միշտ ալ մնաց  սահմանափակ:

Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը համախմբեց հայը հայ պահող մասնագիտութեան հմուտ ներկայացուցիչները, ակադեմական բարձր պատրաստութեան տէր դասախօսներ` Հրաչ Տասնապետեան, Շաւարշ Թորիկեան, Յակոբ Պարսումեան, Մուշեղ Իշխան, Վազգէն Էթիեմեզեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Մանուկեան, Աբրահամ Ալիքեան, Հրաչ Պետոյեան, Սարգիս Փանոսեան, Մանուշակ Պոյաճեան, Արփի Քիւրքճեան, Արփի Էթիեմեզեան` Լիբանանէն, Բաբգէն Յարութիւնեան, Պետրոս Յովհաննէսեան, Վլադիմիր Բարխուդարեան, Գառնիկ Անանեան, Սէյրան Գրիգորեան եւ ուրիշներ` Հայաստանէն:

Անդարձ մեկնողներու կողքին, պէտք է յիշել նաեւ ողջերը, յատկապէս` հիմնարկի երկարամեայ տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանը, դասախօսական կազմի անդամներ` Ալիս Գազանճեանը, Յակոբ Բագրատունին, Կարօ Յովհաննէսեանը, Կարօ Առաքելեանը, Յովիկ Պերթիզլեանը, Նազարէթ Պէրպէրեանը, Շուշիկ եւ Թամար Տասնապետեանները, Արփի Կոստանեանը, Սիլվա Փափազեանը, Շողիկ Աշըգեանը, Մովսէս Հերկելեանը, Վարուժան արք. Հերկելեանը եւ ուրիշներ:

Դասախօսական նման կազմի մը շունչին տակ թրծուած ուսանողները, գիտելիքի հարստութեան հետ միասին, ձեռք բերին ընդհանրական մեր նպատակներուն ծառայելու պատրաստութիւն եւ ազգային մեր արժէքներուն տէր կանգնելու յանձնառութիւն: Անշուշտ անձի օրինակը եւս ունեցաւ իր անուրանալի դերը` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պարսկաստանի զանազան շրջաններէն ժամանած ուսանողներու հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ: Ուսանողներէն շատեր ազգային-մշակութային ծառայութեան լծուեցան իրենց դասախօսներուն ճամբով, անոնց հանրանուէր կեանքին, խօսքին, գիրին ու գործին օրինակով:

Կ’արժէ Համազգայինի 90-ամեակին առիթով, անգամ մը աչքէ անցընել հիմնարկին 150 շրջանաւարտներուն անունները` ըստ արժանւոյն գնահատելու համար հիմնարկին կատարած աշխատանքին տարողութիւնն ու կարեւորութիւնը իր ժամանակին, ու նաեւ իր ժամանակէն անդին` մեր օրերուն եւ ապագային համար:

Կ’արժէ աչքէ անցընել հիմնարկին զանազան դասանիւթերուն նոթերը, որոնք մինչեւ օրս կը մնան մեքենագրեալ վիճակի մէջ, եւ հրատարակել զանոնք առանձին հատորներով, իբրեւ կրթական-դաստիարակչական, ու մանաւա՛նդ` ազգային-հասարակական օգտակարութիւն ներկայացնող գրականութիւն:

Կ’արժէ մտածել հիմնարկին ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնող յուշամատեան-ալպոմի մը պատրաստութեան մասին: Ալպոմ մը, որ պատմութեան յանձնէ հայագիտական այս հիմնարկին գործն ու վաստակը` Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի իր սկզբնական օրերէն մինչեւ Ծաղկաձորի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հանգրուանը, անցնելով Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան կեդրոնի իր տարիներէն, ու աւարտին վերադառնալով առաջին կայքը` Նշան Փալանճեան Ճեմարան:

Կ’արժէ, վերջապէս, լրջօրէն մտածել, թէ ի՛նչ դասեր կարելի է քաղել Հայագիտական հիմնարկի համազգայնական փորձառութենէն` նոր օրերու պահանջներուն համեմատ նոր մարդուժ պատրաստելու եւ ազգային-հասարակական մեր կեանքին յարատեւութիւնն ու կենսունակութիւնը երաշխաւորելու համար:

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ